Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 36-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լեչէ-Սփեցիա մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
Անոնց արձանագրած այս հաւասարութիւնը պատճառ դարձաւ, որ 19-րդ եւ նախավերջին դիրքին վրայ գտնուող Քրեմոնեզէ, վերջնականապէս իր յոյսը կորսնցնէ` Ա. դասակարգին մէջ մնալու համար:
Այսպիսով, Քրեմոնեզէ միացաւ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Սամտորիայի, որ արդէն իսկ քանի մը հանգրուան առաջ, փոխադրուած էր Բ. դասակարգ:
Բ. դասակարգ փոխադրուող երրորդ եւ վերջին խումբը պիտի ըլլայ, կամ` Լեչէ, կամ Սփեցիա եւ կամ ալ Վերոնա: