Բենուր Փաշայեանի Անուան Յուշամրցաշարք. Մաքսիմ Մանուկեան Եւ Երկու Հայ Ըմբիշներ Ոսկի Մետալի Տիրացան
Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի Տինամօ մարզահամալիրին մէջ իր աւարտին կը մօտենայ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Բենուր Փաշայեանի նուիրուած միջազգային յուշամրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստան, Ռուսիա, Պուլկարիա, Պիելոռուսիա, Վրաստան եւ Իրան: Հայաստանի հաւաքականի 8 ներկայացուցիչներէն երեքը` Սլաւիկ Գալստեան (67 քկ), Շանթ Խաչատրեան (72 քկ) եւ Մաքսիմ Մանուկեան (82 քկ), յաջողեցան տիրանալ ոսկի մետալի: Նշենք, որ Մանուկեան երկու տարուան...




















