Սալվատորի ֆութպոլի ախոյեանութեան Ալիանցա-ՖԱՍ փլէյ օֆի մրցումը մնաց անաւարտ` ողբերգութեան պատճառով, այս մասին յայտնեց սալվատորեան մարզական մամուլը:
Երկրի մայրաքաղաք Սան Սալվատորի «Էսթատիօ-Քուսքաթլան» մարզադաշտին մէջ համակիրներու կուտակումի եւ հրմշտուքի պատճառով զոհուեցան 9 անձեր, մինչ քանի մը հարիւր համակիրներ փոխադրուեցան հիւանդանոցներ` իրենց ստացած տարբեր տեսակի վնասուածքներուն պատճառով:
Ըստ սալվատորեան մարզական մամուլին, կուտակումներուն պատճառ եղած են կեղծ տոմսերով դաշտ մուտք գործած համակիրները:
Անոնց պատճառով յառաջացած են երկար շարքեր, իսկ քանի մը թրիպիւններ նախատեսուածէն աւելի շատ անձերով լեցուած են:


