Մարզական

Թենիս. «Ռոլան Կարոս».  Թիւ 1 Դասուած Սվիաթեք Եւ 16 Տարեկան Անտրիեւա Ապահովեցին Գ. Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

Թենիս. «Ռոլան Կարոս». Թիւ 1 Դասուած Սվիաթեք Եւ 16 Տարեկան Անտրիեւա Ապահովեցին Գ. Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

«Ռոլան-Կարոս»-ի թենիսի կրան-շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ, աշխարհի դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող լեհ Իկա Սվիաթեք, ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը, երբ 102-րդ դասուած ամերիկացի Քլեր Լիուի դէմ արձանագրեց 6-4 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Գ. հանգրուանին անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ Ուանկ Զինիու (Չինաստան): Սակայն 20-րդ դասուած ամերիկացի Մետիսըն Քիզ, դուրս մնաց...

Մուրինիօ Իր Մետալը Նուիրեց Ա. Էս. Ռոմայի Պատանի Համակիրին

Մուրինիօ Իր Մետալը Նուիրեց Ա. Էս. Ռոմայի Պատանի Համակիրին

Ա. Էս. Ռոմայի գլխաւոր մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ, «Եուրոփա-Լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին իր կազմին կրած պարտութենէն ետք իր արծաթ մետալը նուիրեց իտալական խումբի պատանի մէկ համակիրին: Ինչպէս ծանօթ է, անոր կազմը փենալթիներով` 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց սպանական Սեւիլլայէն: 60 տարեկան Մուրինիօ մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով է, որ եւրոպական մրցաշարքի մը աւարտական մրցումին պարտութիւն կը կրէ: Նախապէս,...

Մոտրիչ Ռէալ Մատրիտին Յայտնեց, Որ Կը Փափաքի Հեռանալ Խումբէն

Մոտրիչ Ռէալ Մատրիտին Յայտնեց, Որ Կը Փափաքի Հեռանալ Խումբէն

Սպանական լաւատեղեակ աղբիւրներ յայտնեցին, որ խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչ Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութեան յայտնած է, որ կը փափաքի հեռանալ խումբէն: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, ան Սէուտական Արաբիայէն ստացած է բաւական լաւ առաջարկ մը. երեք տարուան պայմանագրութեան համար` 120 միլիոն եւրօ աշխատավարձ: 37 տարեկան միջնապահը այս տարեշրջանին բոլոր մրցաշարքերուն իր մասնակցութիւնը բերած է 51 մրցումի, նշանակած 6 կոլ եւ կատարած նոյնքան էսիսթ:...

Անգլիական Ակումբը Պատրաստ Է Պայմանագրութիւն Մը Առաջարկել Մեսսիին

Անգլիական Ակումբը Պատրաստ Է Պայմանագրութիւն Մը Առաջարկել Մեսսիին

Չելսիի սեփականատէր, ամերիկացի միլիառատէր Թոտ Պոյեհլի ամէն գնով կը փափաքի, որ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի միանայ իր կազմին: Ամերիկացին արժանթինցիին համակիր է եւ պատրաստ է անոր առաջարկել պայմանագրութիւն մը, որպէսզի ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Անգլիոյ մէջ: Ինչպէս ծանօթ է, ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը ֆրանսական ակումբին հետ կ՛աւարտի այս տարեշրջանի աւարտին եւ ան մտադիր չէ այդ պայմանագրութիւնը երկարաձգել: Ան իր արհեստավարժ...

Կալթիէ Յայտարարեց Մեսսիի Հեռացման Մասին

Կալթիէ Յայտարարեց Մեսսիի Հեռացման Մասին

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի ֆրանսացի մարզիչ Քրիսթոֆ Կալթիէ յայտարարեց, որ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Արժանթինի ազգային խումբի խմբապետ Լիոնել Մեսսի պիտի հեռանայ խումբէն: «Մեծ պատիւ էր ֆութպոլի պատմութեան մէջ լաւագոյն խաղացողը մարզելը: Շաբաթ, 3 յունիսին, Քլերմոնի դէմ տեղի ունենալիք մրցումը անոր համար պիտի ըլլայ վերջինը` «Փարք տը Փրենս»ի մէջ: Յոյսով եմ, որ ակումբին համակիրները լաւ ընդունելութիւն ցոյց կու տան...

Մարզիչ Իկոր Թուտոր Պիտի Հեռանայ Մարսէյէն

Մարզիչ Իկոր Թուտոր Պիտի Հեռանայ Մարսէյէն

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի աւարտէն անմիջապէս ետք, խրուաթ մարզիչ Իկոր Թուտոր պիտի հեռանայ Մարսէյէն: «Պատիւ էր աշխատիլ Մարսէյի հետ, ըլլալ այս ընտանիքին մէկ մասը, հանդիպիլ ակումբին համակիրներուն հետ եւ բնակիլ անուանի այս քաղաքին մէջ: Խումբէն հեռանալս պարզապէս անձնական որոշում մըն է, եւ այլ ակումբի մը հետ պայմանաւորուածութիւն չունիմ», ըսաւ ան: Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Մարսէյ այսօր` շաբաթ,...

Սպերցեան, Բայրամեան Եւ Տիկնիզեան  Հրաւիրուեցան Հայաստանի Ֆութպոլի  Ազգային Հաւաքական

Սպերցեան, Բայրամեան Եւ Տիկնիզեան Հրաւիրուեցան Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական

Ռուսական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի յետսապահ Նայիր Տիկնիզեան, Քրասնոտարի միջնապահ Էդուարդ Սպերցեան եւ Ռոսթովի միջնապահ Խորէն Բայրամեան հրաւիրուեցան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար Կալեսի եւ Լաթվիոյ դէմ տեղի ունենալիք «ԵՒՐՕ-2024»-ի զտումի մրցաշարքի մրցումներուն: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Քրասնոտարի յետսապահ Գէորգի Յարութիւնեան շատ հաւանաբար իր կարգին հրաւիրուի ազգային հաւաքական: Դ. խմբակին մաս կազմող Հայաստան, որ ցարդ...

Թենիս. «Ռոլան Կարոս».  Կարէն Խաչանով Եւ Էլինա Աւանեսեան  Ապահովեցին Գ. Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

Թենիս. «Ռոլան Կարոս». Կարէն Խաչանով Եւ Էլինա Աւանեսեան Ապահովեցին Գ. Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող փորձառու թենիսմեն Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցող «Ռոլան Կարոս»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը: 27 տարեկան հայազգի թենիսմենը, որ մրցեցաւ մոլտովացի Ռատու Ալպոթի դէմ, արձանագեց 6-3, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը: Գ. հանգրուանի մրցումներուն, 11-րդ դասուած Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ...

Ֆութսալ.  Երեւան Պաշտպանեց Ախոյեանութեան  Տիտղոսը

Ֆութսալ. Երեւան Պաշտպանեց Ախոյեանութեան Տիտղոսը

Հայաստանի ֆութսալի բարձրագոյն դասակարգի տղոց ախոյեանութիւնը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ Երեւան-Լէոսթանթքօ երրորդ մրցումը: Նախքան այս վճռորոշ վերջին մրցումը, անոնց միջեւ արդիւնքը կ՛ընթանար 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ: Երկարաձգումէն ետք, Արարատ արձանագրելով 5-4 արդիւնքով յաղթանակ մը (հիմնական ժամանակ` 4-4), պաշտպանեց ախոյեանութեան տիտղոսը:  

«Եուրոփա Լիկ».  Սեւիլլա 7-րդ Անգամ Ըլլալով  Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

«Եուրոփա Լիկ». Սեւիլլա 7-րդ Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցած «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա»-ի «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը իրարու դէմ հանեց իտալական Ա. Էս. Ռոման եւ սպանական Սեւիլլան: Նկատի ունենալով, որ մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ, ինչպէս նաեւ երկարաձգման 30 վայրկեանները, դիմուեցաւ անխուսափելիին` փենալթիներու հարուածներուն: Սպանիոյ ներկայացուցիչը, արձանագրելով 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, 7-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին:...

Քարլ-Հայնց Ռումընիկէ  Վերադարձաւ Պայէրն Միւնիխ

Քարլ-Հայնց Ռումընիկէ Վերադարձաւ Պայէրն Միւնիխ

Գերմանացի անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Քարլ-Հայնց Ռումընիկէ միացաւ Պայէրն Միւնիխի վերահսկիչ խորհուրդին, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 1991-2002 ժամանակամիջոցին 67 տարեկան Ռումընիկէ վարած էր Պայէրնի փոխնախագահի պաշտօնը: Իսկ 2002-2021 ժամակամիջոցին ան Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանին գործադիրն էր: Գերմանացի նախկին բերդապահ Օլիվըր Քան, որ 2021-ին փոխարինած էր Ռումընիկէն, նախորդ շաբաթավերջին հեռացաւ իր պաշտօնէն: Վերջին 11 տարիներուն Պայէրնի հետ Գերմանիոյ ախոյեան հանդիսանալէ ետք,...

Հաքիմի Կը Փափաքի Վերադառնալ  Ռէալ Մատրիտ

Հաքիմի Կը Փափաքի Վերադառնալ Ռէալ Մատրիտ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող մարոքցի միջազգային յետսապահ Աշրաֆ Հաքիմի որոշեց ընթացիկ տարեշրջանի աւարտին հեռանալ մայրաքաղաքի կազմէն: Ըստ ֆրանսական մամուլին, Հաքիմի կը փափաքի վերադառնալ Ռէալ Մատրիտ, թէեւ արքայական ակումբը մտադիր չէ իր պաշտպանողական աջ գիծը զօրացնել: Նշենք, որ 24 տարեկան ֆութպոլիստը Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը բերած է 27 մրցումի, նշանակած 5 կոլ եւ կատարած...

Էշլի Եանկ Հեռացաւ Ասթոն Վիլայէն

Էշլի Եանկ Հեռացաւ Ասթոն Վիլայէն

Անգլիական Ասթոն Վիլայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Էշլի Եանկ հեռացաւ խումբէն` նկատի ունենալով, որ ակումբը համաձայն չգտնուեցաւ անոր պայմանագրութեան երկարաձգման: 37 տարեկան ֆութպոլիստը առաջին անգամ խումբին հետ ելոյթ ունեցած է 2007-2011 տարիներուն, մինչ երկրորդ անգամ անոր միացաւ 2021-ին` Ինթեր Միլանէն: Իսկ 2011-2020 ժամանակամիջոցին ան մաս կազմած է Մանչեսթըր Եունայթըտի` անոր հետ տիրանալով հինգ տիտղոսի: «Փրեմիեր Լիկ»-ի աւարտած ախոյեանութեան ան 29...

Ինթեր Միլան Կը Փափաքի Իր Կազմին Միացնել Նաչօ Ֆերնանտեսը

Ինթեր Միլան Կը Փափաքի Իր Կազմին Միացնել Նաչօ Ֆերնանտեսը

Իտալիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Ինթեր Միլան ամէն գնով կը փափաքի իր կազմին միացնել Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Նաչօ Ֆերնանտեսը, այս մասին յայտնեց սպանական հանրածանօթ «Մարքա»-ն: 33 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 30 յունիս 2023-ին: Ներկայ դրութեամբ ֆութպոլիստն ու արքայական ակումբը իրենց համագործակցութիւնը երկարաձգելու մտադրութիւն չունին: Եթէ պատահի, որ անոր պայմանագրութիւնը աւարտի, ան կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած կազմին: Նշենք,...

Ռաֆինիա Չի Փափաքիր  Հեռանալ Պարսելոնայէն

Ռաֆինիա Չի Փափաքիր Հեռանալ Պարսելոնայէն

Սպանական մարզական մամուլը կը յայտնէ, որ Պարսելոնային մաս կազմող պրազիլցի ֆութպոլիստ Ռաֆինիա չի մտադրեր հեռանալ քաթալոնական ակումբէն: Ան յայտնեց, որ ամէն գնով կը փափաքի իր դիրքը ամրապնդել ակումբին հիմնական կազմին մէջ: Վերջերս կը հաղորդուէր, որ 26 տարեկան ֆութպոլիստով մօտէն հետաքրքրուած են անգլիական երկու կազմեր` Չելսի եւ Նիւքասըլ: Նշենք, որ «Լա Լիկա»-ի 2022-2023 տարեշրջանին ան ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 35...

Հիլալ 1,2 Միլիառ  Եւրօ Առաջարկեց Մեսսիին

Հիլալ 1,2 Միլիառ Եւրօ Առաջարկեց Մեսսիին

Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Հիլալ նոր առաջարկ մը ներկայացուց արժանթինցի 35 տարեկան յառաջապահ Լիոնել Մեսսիին: «Ֆութ Մերքաթօ» յայտնեց, որ ռիատեան ակումբը պատրաստ է Մեսսիին երկու տարուան համար վճարելու 1,2 միլիառ եւրօ: Մեսսիի հայրը, որ անոր փոխանցման գործողութիւններով զբաղող անձն է, արդէն իսկ նախնական համաձայնութիւն տուած է պայմանագիրին, սակայն Մեսսի ցարդ յոյս ունի, որ պաշտօնական առաջարկ մը...

Պասքեթպոլ.  Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի  Նախագահը Հեռացաւ Ակումբէն

Պասքեթպոլ. Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի Նախագահը Հեռացաւ Ակումբէն

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի նախագահ եւ թեքնիք տնօրէն Պոպ Մայըրզ հեռացաւ ակումբէն, այս մասին յայտնեց ամերիկեան մարզական մամուլը: 48 տարեկան Մայըրզ Ուորիըրզը կը ղեկավարէ 2011-էն ի վեր: Այդ ժամանակամիջոցին խումբը չորս անգամ հանդիսացաւ երկրի ախոյեան, մինչ երկու այլ առիթներով (2016 եւ 2019) հանդիսացաւ փոխախոյեան: Նշենք, որ այս տարեշրջանին (որ ցարդ չէ աւարտած), Ուորիըրզ արեւմտեան շրջանի...

ՀՄԸՄ-ի Աթլեթի Խումբը Պատուաբեր  Արդիւնքներ Արձանագրեց  Լիբանանի Մրցումներուն

ՀՄԸՄ-ի Աթլեթի Խումբը Պատուաբեր Արդիւնքներ Արձանագրեց Լիբանանի Մրցումներուն

Նախանցեալ շաբաթավերջին Քամիլ Շամունի դաշտին վրայ տեղի ունեցան Լիբանանի աթլեթի ֆետերասիոնին կազմակերպած տարիքային ախոյեանութեան մրցումները, որոնց մասնակցեցան նաեւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները: Ստորեւ կը ներկայացնենք  ՀՄԸՄ-ի աթլեթի խումբին արձանագրած պատուաբեր արդիւնքները: Փաթիլ Ասատուրեան առաջին հանդիսացաւ 200 մեթր վազքի մրցումին: Փաթիլ Ասատուրեան` երկրորդ, 800 մեթր մրցումին: Վանեսա Չիֆթճեան` երրորդ, սկաւառակ նետելու մրցումին: Ճէովանի Տօնէրեան` երրորդ, բարձրութիւն ցատկելուն: Զուլալ Պեզճեան` երրորդ, նիզակ նետելու մրցումին:...

Հրանդ-Լէոն Ռանոս Միացաւ  Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի

Հրանդ-Լէոն Ռանոս Միացաւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի հետ, այս մասին յայտնեց գերմանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ 19 տարեկան Ռանոս, որ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ միացաւ իր նոր ակումբին, անոր հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց մինչեւ յունիս 2027: Ան իր նախկին ակումբին` Պայէրն Միւնիխի երկրորդ խումբին հետ ընթացիկ տարեշրջանին նշանակեց 20 կոլ եւ կատարեց 13 էսիսթ: Ան...

Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան Շարժայի  Մրցաշարքին Հանդիսացաւ 5-րդ

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան Շարժայի Մրցաշարքին Հանդիսացաւ 5-րդ

Շարժայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային գլխաւոր մրցաշարքին, Հայաստանի չորս ներկայացուցիչներուն մէջ ամէնէն յաջող ելոյթը ունեցաւ Հայկ Մարտիրոսեան, որ առաւելագոյն 9 կէտէն 6 կէտ ապահովելով լրացուցիչ ցուցանիշով գրաւեց 5-րդ դիրքը` կէս կէտով միայն ետ մնալով տիտղոսակիր դարձած հնդիկ Արժուն Էրիկայսիէն: 5-ական կէտ ապահովելով` Շանթ Սարգսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան յաջորդաբար գրաւեցին 20-րդ եւ 28-րդ դիրքերը, մինչ Հայաստանի գործող...

Page 291 of 1280 1 … 290 291 292 … 1,280

Արխիւներ