Սպանական մարզական մամուլը կը յայտնէ, որ Պարսելոնային մաս կազմող պրազիլցի ֆութպոլիստ Ռաֆինիա չի մտադրեր հեռանալ քաթալոնական ակումբէն:
Ան յայտնեց, որ ամէն գնով կը փափաքի իր դիրքը ամրապնդել ակումբին հիմնական կազմին մէջ:
Վերջերս կը հաղորդուէր, որ 26 տարեկան ֆութպոլիստով մօտէն հետաքրքրուած են անգլիական երկու կազմեր` Չելսի եւ Նիւքասըլ:
Նշենք, որ «Լա Լիկա»-ի 2022-2023 տարեշրջանին ան ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 35 մրցումի, նշանակած 7 կոլ եւ կատարած նոյնքան էսիսթ:


