Գերմանացի անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Քարլ-Հայնց Ռումընիկէ միացաւ Պայէրն Միւնիխի վերահսկիչ խորհուրդին, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
1991-2002 ժամանակամիջոցին 67 տարեկան Ռումընիկէ վարած էր Պայէրնի փոխնախագահի պաշտօնը:
Իսկ 2002-2021 ժամակամիջոցին ան Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանին գործադիրն էր:
Գերմանացի նախկին բերդապահ Օլիվըր Քան, որ 2021-ին փոխարինած էր Ռումընիկէն, նախորդ շաբաթավերջին հեռացաւ իր պաշտօնէն:
Վերջին 11 տարիներուն Պայէրնի հետ Գերմանիոյ ախոյեան հանդիսանալէ ետք, նախորդ շաբաթավերջին Պայէրն պաշտօնանկ ըրաւ ակումբի մարզական տնօրէն Հասան Սալիհամիծիչը:


