Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող փորձառու թենիսմեն Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցող «Ռոլան Կարոս»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը:
27 տարեկան հայազգի թենիսմենը, որ մրցեցաւ մոլտովացի Ռատու Ալպոթի դէմ, արձանագեց 6-3, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Գ. հանգրուանի մրցումներուն, 11-րդ դասուած Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ աւստրալիացի Թանասի Քոքինաքիս (108-րդ), որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց փորձառու խաղացող զուիցերիացի Սթանիսլաւ Վաւրիքան` անոր դէմ արձանագրելով 6-3, 5-7, 3-6, 7-6 եւ 3-6 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այլ անակնկալ մը ստեղծեց փերուցի Խուան Փապլօ Վարիլաս, որ արձանագրելով 1-6, 4-6, 6-3, 6-1 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, մրցաշարքէն դուրս ձգեց 19-րդ դասուած սպանացի Ռոպերթօ Պաութիսթա Ակութը:
Գ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց նաեւ աշխարհի թիւ 1 դասուած մարզիկը` Քարլոս Ալքարաս:
Սպանացին իր յաղթանակը արձանագրեց ճափոնցի Թարօ Տանիէլի (112-րդ) դէմ` 6-1, 3-6, 6-1 եւ 6-2 արդիւնքով:
3-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց հունգարացի Մարթոն Ֆուքսովիքսի դէմ` 7-6, 6-0 եւ 6-3 արդիւնքով:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, Գ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց նաեւ ռուսահայ` Էլինա Աւանեսեան (134-րդ), որ 6-0 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց 124-րդ դասուած ֆրանսացի Լէոլիա Ժանժանը:
Գ. հանգրուանին 20 տարեկան Աւանեսեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ նորվեկիացի Քլարա Թոսըն: