Չելսիի սեփականատէր, ամերիկացի միլիառատէր Թոտ Պոյեհլի ամէն գնով կը փափաքի, որ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի միանայ իր կազմին:
Ամերիկացին արժանթինցիին համակիր է եւ պատրաստ է անոր առաջարկել պայմանագրութիւն մը, որպէսզի ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Անգլիոյ մէջ:
Ինչպէս ծանօթ է, ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը ֆրանսական ակումբին հետ կ՛աւարտի այս տարեշրջանի աւարտին եւ ան մտադիր չէ այդ պայմանագրութիւնը երկարաձգել:
Ան իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակելու քանի մը տարբերակ ունի:
Կը խօսուի անոր Պարսելոնա վերադարձին, Ինթեր Մայեմի (Միացեալ Նահանգներ) մեկնելու կամ Սէուտական Արաբիա տեղափոխուելու մասին: