Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի աւարտէն անմիջապէս ետք, խրուաթ մարզիչ Իկոր Թուտոր պիտի հեռանայ Մարսէյէն:
«Պատիւ էր աշխատիլ Մարսէյի հետ, ըլլալ այս ընտանիքին մէկ մասը, հանդիպիլ ակումբին համակիրներուն հետ եւ բնակիլ անուանի այս քաղաքին մէջ: Խումբէն հեռանալս պարզապէս անձնական որոշում մըն է, եւ այլ ակումբի մը հետ պայմանաւորուածութիւն չունիմ», ըսաւ ան:
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Մարսէյ այսօր` շաբաթ, 3 յուինսին պիտի հիւրընկալէ Աժաքսիոն:
45 տարեկան Թուտոր իր պաշտօնը ստանձնեց նախորդ ամառ:
Անոր կազմը այժմ 73 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երրորդ դիրքը: