Մարզական

Կռփամարտ.  Անպարտելի Էրիկ Բազինեան  Արձանագրեց Իր 30-րդ Յաղթանակը

Կռփամարտ. Անպարտելի Էրիկ Բազինեան Արձանագրեց Իր 30-րդ Յաղթանակը

28 տարեկան անպարտելի հայ կռփամարտիկ Էրիկ Բազինեան նախորդ շաբաթավերջին Մոնրէալի մէջ (Քանատա) իր կատարած մենամարտին ընթացքին արհեստավարժ ռինկի վրայ արձանագրեց իր 30-րդ յաղթանակը, իրաւարարներու միաձայն որոշումով, պարտութեան մատնելով մեքսիքացի Խոսէ  տէ Խեսուսը: Բազինեան, որ ցարդ ոչ մէկ պարտութիւն կրած է, այսպիսով իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ պաշտպանեց գերմիջին քաշային կարգի «ԷՆ. ԷՅ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի եւ «ԷՆ. ԷՅ. ՊԻ. Ֆ.»-ի ախոյեանութեան...

Թենիս. «Ռոլան Կարոս».  Այսօր` Կարէն Խաչանով-Նովաք  Ճոքովիչ Քառորդ  Աւարտականի Բաւական  Հետաքրքրական Եւ Տաք Ճակատում

Թենիս. «Ռոլան Կարոս». Այսօր` Կարէն Խաչանով-Նովաք Ճոքովիչ Քառորդ Աւարտականի Բաւական Հետաքրքրական Եւ Տաք Ճակատում

Ռուսահայ անուանի թենիսմեն, 11-րդ դասուած Կարէն Խաչանով, այսօր` երեքշաբթի, 6 յունիսին բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք 3-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչի դէմ, «Ռոլան Կարոս»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ: Այս տաք ճակատումին մեկնարկը պիտի տրուի ժամը 13:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Մրցումին նախօրեակին, երէկ հայազգի Խաչանով կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Ճոքովիչի դէմ պէտք է լաւ ճատրակ...

Ռուսական Ֆութպոլ.  Սպերցեան` 2022-2023 Տարեշրջանի  Լաւագոյն Միջնապահը

Ռուսական Ֆութպոլ. Սպերցեան` 2022-2023 Տարեշրջանի Լաւագոյն Միջնապահը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Քրասնոտարի ֆութպոլիստ Էդուարդ Սպերցեան ճանչցուեցաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի լաւագոյն միջնապահը, այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Մրցանակի թեկնածուներուն կարգին էին նաեւ Ռուսլան Լիթվինով (Սպարտակ Մոսկուա) եւ Վենտել (Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ): Քուէարկութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ռուսիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր Լիկ»-ի խումբերուն գլխաւոր մարզիչները, խմբապետները, ինչպէս նաեւ անցեալի անուանի ֆութպոլիստներն ու մասնագէտները: Նշենք, որ...

Պենզեմա Կոլի Հեղինակ` Ռէալ Մատրիտի Հետ  Իր Կատարած Վերջին Մրցումին

Պենզեմա Կոլի Հեղինակ` Ռէալ Մատրիտի Հետ Իր Կատարած Վերջին Մրցումին

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 2022-2023 տարեշրջանի 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք իր հիւրին` Աթլեթիք Պիլպաոյի հետ, հանդիսացաւ Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան: Արքայական ակումբին հաւասարութեան կոլը նշանակեց ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա` 72-րդ վայրկեանին (փենալթիով): Այսպիսով, Պենզեմա իր կատարած վերջին մրցումին հանդիսացաւ կոլի հեղինակ: 14 տարեշրջանի ընթացքին Ռէալ Մատրիտի հետ իր կատարած բոլոր մրցումներուն...

«Քալչիօ».  Նափոլի Ստացաւ Ախոյեանութեան Տիտղոսը

«Քալչիօ». Նափոլի Ստացաւ Ախոյեանութեան Տիտղոսը

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Ախոյեանութեան տիտղոսը արդէն իսկ ապահոված Նափոլի, իր կատարած վերջին մրցումին, Լուչիանօ Սփալեթթիի գլխաւորութեամբ, 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Սամտորիային: Նափոլի, որ վերջին անգամ ախոյեան հանդիսացած էր 33 տարի առաջ, այսպիսով մրցումի աւարտին ստացաւ ախոյեանութեան տիտղոսը` իր պատմութեան մէջ երրորդ անգամ ըլլալով:  

Իպրահիմովիչ Աւարտեց Ֆութպոլիստի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Իպրահիմովիչ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Իտալական Ա. Սէ. Միլանին մաս կազմող շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ կիրակի, 4 յունիսին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: Ան իր այս յայտարարութիւնը կատարեց Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») Ա. Սէ. Միլան-Վերոնա (3-1) 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումի աւարտին: 41 տարեկան Իպրահիմովիչ, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին սկսաւ 1999-ին, շուէտական Մալմօ խումբին հետ մաս կազմած է...

Մոնաքօ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Մոնաքօ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 2022-2023 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Իր կատարած վերջին մրցումին, իշխանապետական կազմը` Մոնաքօ, որ հիւրընկալեց Թուլուզը, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը եւ տարեշրջանը աւարտեց 6-րդ դիրքին վրայ: Նկատի ունենալով, որ Մոնաքօ յառաջիկայ տարեշրջանին եւրոպական մրցաշարքերուն իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ, ակումբին ղեկավարութիւնը որոշեց պաշտօնանկ ընել իր պելճիքացի...

«Էն. Պի. Էյ.»  Տենվըր Նակեթց-Մայեմի Հիթ` 1-1

«Էն. Պի. Էյ.» Տենվըր Նակեթց-Մայեմի Հիթ` 1-1

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումին, որ դարձեալ տեղի ունեցաւ Տենվըրի մէջ, հիւրընկալ կազմը` Նակեթց, 111-108 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Մայեմի Հիթէն: Ինչպէս ծանօթ է, Նակեթց առաջին մրցումին յաղթած էր 104-93 արդիւնքով: Այս երկրորդ մրցումին Նակեթցէն Նիքոլա Եոքիչ թէեւ նշանակեց 41 կէտ, սակայն հակառակ ատոր, անոր կազմը չկրցաւ յաղթանակ արձանագրել: Անոնց միջեւ երրորդ մրցումը տեղի...

«Ֆորմիւլա-1».  Մաքս Վերսթափեն Յաղթական`  Սպանիոյ Կրան Փրիին

«Ֆորմիւլա-1». Մաքս Վերսթափեն Յաղթական` Սպանիոյ Կրան Փրիին

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Սպանիոյ կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2023-ի աշխարհի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ: Անիկա աւարտեցաւ աշխարհի կրկնակի ախոյեան, աւստրիական «Ռետ Պուլ»-ի նետերլանտցի վարորդ Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով, որ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 144 կէտ, կը գրաւէ վարորդներու ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց աշխարհի 7-ակի ախոյեան, «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց...

Հայկական Ֆութպոլ.  Եղիշէ Մելիքեան. «Օրէնքի Կոպիտ Խախտումներով Ֆետերասիոնը Ախոյեանութիւնը Շնորհեց Ուրարտուին»

Հայկական Ֆութպոլ. Եղիշէ Մելիքեան. «Օրէնքի Կոպիտ Խախտումներով Ֆետերասիոնը Ախոյեանութիւնը Շնորհեց Ուրարտուին»

Նախորդ տարեշրջանին Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած Փիւնիկ Երեւանի գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին քննադատեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը: 35-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Ուրարտու, որ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Փիւնիկի դաշտէն, հանդիսացաւ Հայաստանի ախոյեան: Վերջին հանգրուանի մրցումներու նախօրեակին Ուրարտու ունի 82 կէտ, մինչ Փիւնիկ` 77 կէտ: Մրցումէն ետք Եղիշէ Մելիքեան կատարեց հետեւեալ...

«Եւրօ-2024».  Ալեքսանտր Փեթրաքով Հրապարակեց Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականի Կազմը

«Եւրօ-2024». Ալեքսանտր Փեթրաքով Հրապարակեց Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականի Կազմը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, ուքրանացի Ալեքսանտր Փեթրաքով, նախորդ շաբաթավերջին հրապարակեց իր կազմը, որ այս ամսուան ընթացքին զտումի երկու մրցում պիտի կատարէ «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ: Պատրաստուելու համար Կալեսի (16 յունիս) եւ Լաթվիոյ (19 յունիս) դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն, հայրենի կազմը 8-14 յունիսին մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, այս մասին...

Թենիս. «Ռոլան Կարոս». Կարէն Խաչանով Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Թենիս. «Ռոլան Կարոս». Կարէն Խաչանով Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Էլինա Աւանեսեան Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն Փարիզի մէջ (Ֆրանսա) տեղի ունեցող թենիսի «Ռոլան-Կարոս»-ի կրան-շլեմ-ի միջազգային բաց մրցաշարքի ծիրին մէջ, ռուսահայ Կարէն Խաչանով (11-րդ), որ Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ յետմիջօրէին մրցեցաւ իտալացի Լորենցօ Սենեկոյի դէմ (48-րդ), արձանագրեց 1-6, 6-4, 7-6 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Քառորդ աւարտականի մրցումներուն Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ 3-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ այս հանգրուանին...

«Ֆորմիւլա-1».  «Ֆեռարի» Մեծ Պայմանագրութիւն Մը Կրնայ Առաջարկել Հեմիլթընին

«Ֆորմիւլա-1». «Ֆեռարի» Մեծ Պայմանագրութիւն Մը Կրնայ Առաջարկել Հեմիլթընին

Անգլիական մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ «Ֆորմիւլա-1»-ի իտալական «Ֆեռարի» խումբը կրնայ մեծ պայմանագրութիւն մը առաջարկել գերմանական «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթընին: Նշուեցաւ, որ անիկա Հեմիլթընին պիտի առաջարկէ 50 միլիոն ամերիկեան տոլարի պայմանագրութիւն մը: Եթէ Հեմիլթըն համաձայն գտնուի պայմանագրութիւնը ստորագրել, ապա ուրեմն «Ֆեռարի» պիտի ուզէ իր կազմին մէջ պահել Շարլ Լեքլերը եւ ոչ թէ Քարլոս Սայնցը: Նշենք, որ Հեմիլթընի պայմանագրութիւնը «Մերսետես»-ի...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Մանչեսթըր Սիթի Տուպլէ Մը Իրագործեց

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Մանչեսթըր Սիթի Տուպլէ Մը Իրագործեց

Նախորդ շաբաթավերջին Լոնտոնի «Ուեմպլի» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Մանչեսթըր քաղաքի երկու կազմերը` Սիթի եւ Եունայթըտ: Անգլիոյ ախոյեան Սիթի տուպլէ մը իրագործեց, երբ իր մրցակիցին դէմ արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին երկու կոլերը նշանակեց Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Իլքայ Կիւնտողան (առաջին վայրկեանին եւ 51-րդ), իսկ Եունայթըտի...

Գերմանական Ֆութպոլ.  Լայփցիկ Յաջորդաբար Երկրորդ Տարին Ըլլալով Գերմանիոյ Բաժակակիր

Գերմանական Ֆութպոլ. Լայփցիկ Յաջորդաբար Երկրորդ Տարին Ըլլալով Գերմանիոյ Բաժակակիր

Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, Պերլինի Օլիմփիասթատիոնի մէջ իրարու դէմ մրցեցան Լայփցիկ եւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ, աւելի քան 74 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, Լայփցիկ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր: Լայփցիկ, որ իր կոլերը նշանակեց 71-րդ եւ 85-րդ վայրկեաններուն, տարեշրջանը աւարտեց երրորդ դիրքին վրայ, մինչ Ֆրանքֆորթ` 7-րդ դիրքին վրայ:  

Ռէալ Մատրիտ Իր Պայմանագրութիւնը Խզեց Էտեն Հազարի Հետ

Ռէալ Մատրիտ Իր Պայմանագրութիւնը Խզեց Էտեն Հազարի Հետ

Սպանական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Ռէալ Մատրիտ փոխադարձ համաձայնութեամբ մը, իր պայմանագրութիւնը խզեց պելճիքացի 32 տարեկան միջնապահ Էտեն Հազարի հետ: 32 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ յունիս 2024: Արքայական ակումբին հետ չորս տարեշրջանի ընթացքին Հազար նշանակեց միայն 7 կոլ: 2019-ին Հազարի փոխանցման համար Ռէալ Մատրիտ Չելսիին վճարեց 115 միլիոն եւրօ: Այստեղ նշենք սակայն, որ բազմաթիւ վնասուածքներու պատճառով ան բացակայեցաւ...

Մարքօ Ասենսիօ Պիտի Տեղափոխուի Փարիզ Սեն Ժերմեն

Մարքօ Ասենսիօ Պիտի Տեղափոխուի Փարիզ Սեն Ժերմեն

Ռէալ Մատրիտի սպանացի յառաջապահ Մարքօ Ասենսիօ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտէն ետք իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ պիտի տեղափոխուի Փարիզ Սեն Ժերմեն, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: Հաղորդուեցաւ, որ արքայական ակումբը Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 27 տարեկան ֆութպոլիստին առաջարկած է նոր պայմանագրութիւն մը, որ սակայն մերժուած է Ասենսիոյի կողմէ: Ասենսիօ, որ 2015-ին միացաւ Ռէալ Մատրիտին, 285 մրցումի ընթացքին ցարդ նշանակած  61 կոլ եւ...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Յայտարարեց Սերճիօ Ռամոսի Հեռացման Մասին

Փարիզ Սեն Ժերմեն Յայտարարեց Սերճիօ Ռամոսի Հեռացման Մասին

Սպանացի անուանի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս այս ամսուան ընթացքին պիտի լքէ իր ակումբը` Փարիզ Սեն Ժերմենը, այս մասին յայտնեց մայրաքաղաքի կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Թէեւ Սեն Ժերմեն կը փափաքէր անոր պայմանագրութիւնը մէկ տարիով երկարաձգել, սակայն ֆութպոլիստէն մերժում ստացաւ: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, 2021-ին Ռէալ Մատրիտէն Ֆրանսա տեղափոխուած Ռամոս առաջարկներ ունի Սէուտական Արաբիայէն: Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին մասնակցեցաւ...

«Լիկ-1».  Ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն  Պարտութեամբ Աւարտեց Տարեշրջանը

«Լիկ-1». Ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն Պարտութեամբ Աւարտեց Տարեշրջանը

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ «Փարք տը Փրենս»-ի մէջ հիւրընկալեց Քլերմոն Ֆութը, անկէ կրեց 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը, հակառակ անոր որ հիւրընկալ կազմը ինք նշանակեց մրցումին առաջին երկու կոլերը: Մայրաքաղաքի կազմին երկու կոլերը նշանակեցին Սերճիօ Ռամոս (16-րդ) եւ Քիլիան Էմպափէ (21-րդ` փենալթիով): Ռամոսի նման Սեն Ժերմենի հետ...

«Էն.Պի.Էյ.»  Տենվըր Նակեթց-Մայեմի Հիթ` 1-0

«Էն.Պի.Էյ.» Տենվըր Նակեթց-Մայեմի Հիթ` 1-0

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումին, երէկ արեւմտեան շրջանի ախոյեան հանդիսացած Տենվըր Նակեթց հիւրընկալեց Մայեմի Հիթը, որ հանդիսացած էր արեւելեան շրջանի ախոյեան: Նակեթց, արձանագրելով 104-93 (29-20, 30-22, 25-21 եւ 20-30) արդիւնքով յաղթանակ մը, այժմ յաղթական է 1-0 արդիւնքով: Յաղթական կազմէն Նիքոլա Եոքիչ նշանակեց 27 կէտ, մինչ Հիթէն Պամ Ատեպայօ` 25 կէտ: Երկրորդ մրցումը եւս տեղի...

Page 290 of 1280 1 … 289 290 291 … 1,280

Արխիւներ