Ռուսական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի յետսապահ Նայիր Տիկնիզեան, Քրասնոտարի միջնապահ Էդուարդ Սպերցեան եւ Ռոսթովի միջնապահ Խորէն Բայրամեան հրաւիրուեցան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար Կալեսի եւ Լաթվիոյ դէմ տեղի ունենալիք «ԵՒՐՕ-2024»-ի զտումի մրցաշարքի մրցումներուն:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Քրասնոտարի յետսապահ Գէորգի Յարութիւնեան շատ հաւանաբար իր կարգին հրաւիրուի ազգային հաւաքական:
Դ. խմբակին մաս կազմող Հայաստան, որ ցարդ կատարած է մրցում մը եւ կրած պարտութիւն մը, 16 յունիսին հիւրը պիտի ըլլայ Կալեսին, իսկ 19 յունիսին պիտի հիւրընկալէ Լաթվիան:
Նշենք, որ Հայաստանի խմբակին մէջ են նաեւ Խրուաթիա եւ Թուրքիա: