Շարժայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային գլխաւոր մրցաշարքին, Հայաստանի չորս ներկայացուցիչներուն մէջ ամէնէն յաջող ելոյթը ունեցաւ Հայկ Մարտիրոսեան, որ առաւելագոյն 9 կէտէն 6 կէտ ապահովելով լրացուցիչ ցուցանիշով գրաւեց 5-րդ դիրքը` կէս կէտով միայն ետ մնալով տիտղոսակիր դարձած հնդիկ Արժուն Էրիկայսիէն:
5-ական կէտ ապահովելով` Շանթ Սարգսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան յաջորդաբար գրաւեցին 20-րդ եւ 28-րդ դիրքերը, մինչ Հայաստանի գործող ախոյեան Սամուէլ Տէր Սահակեան 4 կէտով հանդիսացաւ 55-րդ:
Բ. մրցաշարքին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Էմին Օհանեան, որ ապահովեց 7 կէտ, լրացուցիչ ցուցանիշով միայն ոսկի մետալը զիջեցաւ եգիպտացի Ահմետ Ֆաուզիէն:
Հայաստանի երկրորդ ներկայացուցիչը` Մարիամ Մկրտչեան, 5,5 կէտով գրաւեց 13-րդ դիրքը: