Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցած «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա»-ի «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը իրարու դէմ հանեց իտալական Ա. Էս. Ռոման եւ սպանական Սեւիլլան:
Նկատի ունենալով, որ մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ, ինչպէս նաեւ երկարաձգման 30 վայրկեանները, դիմուեցաւ անխուսափելիին` փենալթիներու հարուածներուն:
Սպանիոյ ներկայացուցիչը, արձանագրելով 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, 7-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին:
Մրցումի աւարտին յաղթական կազմը իր տիտղոսը ստացաւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի նախագահ Ալեքսանտր Զեֆերինէն:
Մրցումին ներկայ էր աւելի քան 61 հազար հանդիսատես, մինչ կեդրոնի իրաւարարն էր անգլիացի Էնթընի Թէյլոր:


