Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Հիլալ նոր առաջարկ մը ներկայացուց արժանթինցի 35 տարեկան յառաջապահ Լիոնել Մեսսիին:
«Ֆութ Մերքաթօ» յայտնեց, որ ռիատեան ակումբը պատրաստ է Մեսսիին երկու տարուան համար վճարելու 1,2 միլիառ եւրօ:
Մեսսիի հայրը, որ անոր փոխանցման գործողութիւններով զբաղող անձն է, արդէն իսկ նախնական համաձայնութիւն տուած է պայմանագիրին, սակայն Մեսսի ցարդ յոյս ունի, որ պաշտօնական առաջարկ մը կը ստանայ իր նախկին ակումբէն` Պարսելոնայէն:


