Սպանական լաւատեղեակ աղբիւրներ յայտնեցին, որ խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչ Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութեան յայտնած է, որ կը փափաքի հեռանալ խումբէն:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, ան Սէուտական Արաբիայէն ստացած է բաւական լաւ առաջարկ մը. երեք տարուան պայմանագրութեան համար` 120 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
37 տարեկան միջնապահը այս տարեշրջանին բոլոր մրցաշարքերուն իր մասնակցութիւնը բերած է 51 մրցումի, նշանակած 6 կոլ եւ կատարած նոյնքան էսիսթ:
Անոր պայմանագրութիւնը արքայական ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: