Ա. Էս. Ռոմայի գլխաւոր մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ, «Եուրոփա-Լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին իր կազմին կրած պարտութենէն ետք իր արծաթ մետալը նուիրեց իտալական խումբի պատանի մէկ համակիրին:
Ինչպէս ծանօթ է, անոր կազմը փենալթիներով` 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց սպանական Սեւիլլայէն:
60 տարեկան Մուրինիօ մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով է, որ եւրոպական մրցաշարքի մը աւարտական մրցումին պարտութիւն կը կրէ:
Նախապէս, փորթուգալցիին գլխաւորած կազմերը հինգ անգամ աւարտականի մրցումներուն բոլորին ալ յաղթանակ արձանագրած էին:
«Ես յաղթած եմ հինգ տարբեր աւարտականներու ընթացքին: Թէեւ պարտուեցայ այս մրցումին, սակայն տուն կը վերադառնամ գլուխս բարձր», ըսաւ Մուրինիօ` Սեւիլլա-Ա. Էս. Ռոմա մրցումէն ետք: