«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի նախագահ եւ թեքնիք տնօրէն Պոպ Մայըրզ հեռացաւ ակումբէն, այս մասին յայտնեց ամերիկեան մարզական մամուլը:
48 տարեկան Մայըրզ Ուորիըրզը կը ղեկավարէ 2011-էն ի վեր:
Այդ ժամանակամիջոցին խումբը չորս անգամ հանդիսացաւ երկրի ախոյեան, մինչ երկու այլ առիթներով (2016 եւ 2019) հանդիսացաւ փոխախոյեան:
Նշենք, որ այս տարեշրջանին (որ ցարդ չէ աւարտած), Ուորիըրզ արեւմտեան շրջանի կիսաւարտականին պարտուեցաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզէն:


