Իտալիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Ինթեր Միլան ամէն գնով կը փափաքի իր կազմին միացնել Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Նաչօ Ֆերնանտեսը, այս մասին յայտնեց սպանական հանրածանօթ «Մարքա»-ն:
33 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 30 յունիս 2023-ին:
Ներկայ դրութեամբ ֆութպոլիստն ու արքայական ակումբը իրենց համագործակցութիւնը երկարաձգելու մտադրութիւն չունին:
Եթէ պատահի, որ անոր պայմանագրութիւնը աւարտի, ան կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած կազմին:
Նշենք, որ «Լա Լիկա»-ի ընթացիկ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 43 մրցում, նշանակած կոլ մը եւ կատարած նոյնքան էսիսթ:


