Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի ֆրանսացի մարզիչ Քրիսթոֆ Կալթիէ յայտարարեց, որ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Արժանթինի ազգային խումբի խմբապետ Լիոնել Մեսսի պիտի հեռանայ խումբէն:
«Մեծ պատիւ էր ֆութպոլի պատմութեան մէջ լաւագոյն խաղացողը մարզելը: Շաբաթ, 3 յունիսին, Քլերմոնի դէմ տեղի ունենալիք մրցումը անոր համար պիտի ըլլայ վերջինը` «Փարք տը Փրենս»ի մէջ: Յոյսով եմ, որ ակումբին համակիրները լաւ ընդունելութիւն ցոյց կու տան անոր նկատմամբ, որովհետեւ անոր դէմ ուղղուած քննադատութիւնները կը նկատեմ անհիմն», ըսաւ Կալթիէ:
2021-ին մայրաքաղաքի կազմին միացած 35 տարեկան Մեսսի 74 մրցումի ընթացքին նշանակեց 32 կոլ եւ կատարեց 35 էսիսթ:
Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի ուրբաթ, 30 յունիսին: