Անգլիական Ասթոն Վիլայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Էշլի Եանկ հեռացաւ խումբէն` նկատի ունենալով, որ ակումբը համաձայն չգտնուեցաւ անոր պայմանագրութեան երկարաձգման:
37 տարեկան ֆութպոլիստը առաջին անգամ խումբին հետ ելոյթ ունեցած է 2007-2011 տարիներուն, մինչ երկրորդ անգամ անոր միացաւ 2021-ին` Ինթեր Միլանէն:
Իսկ 2011-2020 ժամանակամիջոցին ան մաս կազմած է Մանչեսթըր Եունայթըտի` անոր հետ տիրանալով հինգ տիտղոսի:
«Փրեմիեր Լիկ»-ի աւարտած ախոյեանութեան ան 29 մրցումի ընթացքին իր կազմին հետ նշանակեց կոլ մը միայն:


