Նախանցեալ շաբաթավերջին Քամիլ Շամունի դաշտին վրայ տեղի ունեցան Լիբանանի աթլեթի ֆետերասիոնին կազմակերպած տարիքային ախոյեանութեան մրցումները, որոնց մասնակցեցան նաեւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՄԸՄ-ի աթլեթի խումբին արձանագրած պատուաբեր արդիւնքները:
Փաթիլ Ասատուրեան առաջին հանդիսացաւ 200 մեթր վազքի մրցումին:
Փաթիլ Ասատուրեան` երկրորդ, 800 մեթր մրցումին:
Վանեսա Չիֆթճեան` երրորդ, սկաւառակ նետելու մրցումին:
Ճէովանի Տօնէրեան` երրորդ, բարձրութիւն ցատկելուն:
Զուլալ Պեզճեան` երրորդ, նիզակ նետելու մրցումին:
Ճէովանի Տօնէրեան, Կարօտ Պետիրեան, Վարագ Պալապանեան եւ Ճոյի Թէքէրեան երրորդ` դրօշարշաւին: