«Ռոլան-Կարոս»-ի թենիսի կրան-շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ, աշխարհի դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող լեհ Իկա Սվիաթեք, ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը, երբ 102-րդ դասուած ամերիկացի Քլեր Լիուի դէմ արձանագրեց 6-4 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Գ. հանգրուանին անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ Ուանկ Զինիու (Չինաստան):
Սակայն 20-րդ դասուած ամերիկացի Մետիսըն Քիզ, դուրս մնաց մրցաշարքէն` 6-2, 4-6 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով իր ազգակիցէն` Քէյլա Տէյէն:
Կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց 143-րդ դասուած 16 տարեկան ռուս Միրա Անտրիեւա` 79-րդ դասուած ֆրանսացի Տիան Փերիի դէմ, 6-1 եւ 6-4 արդիւնքով:
Բաւական տաք ճակատումէ մը ետք, աւարտեցաւ Եաննիք Սիլըր (Իտալիա, 8-րդ)-Տանիէլ Ալթմայըր (Գերմանիա) մրցումը, ի նպաստ երկրորդին, 7-6, 6-7, 6-1, 6-7 եւ 5-7 արդիւնքով:
16-րդ դասուած ամերիկացի Թոմի Փոլ դուրս մնաց մրցաշարքէն` պարտութիւն մը կրելով Նիքոլա Ժարիէն (Չիլի), 6-3, 1-6, 4-6 եւ 5-7 արդիւնքով: