Մարզական

Ֆրենսիս Լի Ոչ Եւս Է

Ֆրենսիս Լի Ոչ Եւս Է

Անգլիոյ ազգային խումբի, ինչպէս նաեւ Մանչեսթըր Սիթիի նախկին յառաջապահ Ֆրենսիս Լի երկար պայքարէ ետք քաղցկեղի դէմ, մահացաւ 79 տարեկան հասակին: Լի, որ իր ասպարէզը սկսած էր Պոլթըն Ուոնտըրըրզի հետ, 92 կոլ նշանակած է 189 մրցումներու ընթացքին, ապա միացած է Մանչեսթըր Սիթիի, ուր անցուցած էր իր ասպարէզի լաւագոյն օրերը` մասնակցելով 249 մրցումներու եւ նշանակելով 112 կոլ: Ան Անգլիոյ ազգային խումբին հետ...

Մոտրիչ Քիչ Մը Դժգոհ…

Մոտրիչ Քիչ Մը Դժգոհ…

Ռէալ Մատրիտի խրուաթ Լուքա Մոտրիչ ըստ երեւոյթին շատ ուրախ չէ վերջին քանի մը մրցումներուն Ռէալի հետ պահեստի աթոռներուն վրայ նստելով: Իտալացի մարզիչ Քարլօ Անչելոթի յայտնեց, որ Մոտրիչի չմասնակցիլը այդ մրցումներուն պարզապէս թաքթիքական էր: «Խաղցանք մրցակիցներու դէմ, որոնք պաշտպանողական շատ բուռն մրցակցութիւն կը ցուցաբերէին», ըսաւ Անչելոթի: Նշենք, որ վերջերս, Արժանթինցի Լիոնել Մեսսի, որ միացած էր Մայեմիի Ինթերին, հարցումի մը պատասխանելով յայտնած...

ՎԱՌ-ի Պաշտօնավարներ` Փոխարինուած

ՎԱՌ-ի Պաշտօնավարներ` Փոխարինուած

Անգլիոյ ֆութպոլի ՎԱՌ-ի (վիտէօ էսիսթ ռեֆըրի) պաշտօնավարներ Տերըն Ինկլընտ եւ Տեն Քուք երկու մրցումով փոխարինուեցան, սխալ որոշում տալէ ետք անցեալ շաբաթավերջին Թոթենհամ-Լիվըրփուլ մրցումին` չեղեալ նկատելով Լիվըրփուլի քոլոմպիացի Լուիս Տիասի «մաքուր» կոլը: Լիվըրփուլ արդէն 9 մարզիկներով աւարտեց մրցումը, երբ Քըրթիս Ճոնզ եւ Տիոկօ Ճոթա վտարուեցան բաւական «տաք» մրցումէ ետք, որուն աւարտին (96-րդ վայրկեանին) Լիվըրփուլի քամերունցի պաշտպան Ժոել Մաթիւի սխալմամբ իր բերդին...

Վահան Պիչախչեան Կոլի Հեղինակ

Վահան Պիչախչեան Կոլի Հեղինակ

Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Վահան Պիչախչեան, որ մաս կը կազմէ լեհական Փոկոն Սչեչին ակումբի կազմին, նշանակեց իր կազմի 3-րդ կոլը, լեխ ակումբի բերդին մէջ: 24 տարեկան Պիչախչեան իր 10-րդ մրցումը կատարեց Փոկոնի շապիկով` նշանակելով 3 կոլեր եւ օգնելով 2 այլ կոլերու (էսիսթ): Փոկոն կը գրաւէ Լեհաստանի Ա. դասակարգի 7-րդ դիրքը, մինչ լեխ` 5-րդ:  

Եւրոպական Ֆութպոլ

Եւրոպական Ֆութպոլ

Անգլիա Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, վերջին երեք տարիներու ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Վուլվզէն: Եուլեան Ալվարես նշանակեց Սիթիի միակ կոլը, մինչ Էրլինկ Հաալանտ մեծ թիւով առիթներ փախցուց: Այս արդիւնքէն օգտուեցան Թոթենհամ եւ Արսենալ, որոնք միայն 1 կէտով ետ կը մնան պարագլուխի դիրքէն: Թոթենհամ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լիվըրփուլը, մինչ Արսենալ 4-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ...

Եւրոպայի «Չեմփիընզ Լիկ».  Ալապա Բացակայ` Նափոլիի Դէմ

Եւրոպայի «Չեմփիընզ Լիկ». Ալապա Բացակայ` Նափոլիի Դէմ

Այսօր կը շարունակուի Եւրոպայի «Չեմփիընզ լիկ»-ը` 2-րդ հանգրուանի մրցումներով: «Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմական խումբը` Ռէալ Մատրիտ, որ 14 անգամ շահած է այս մրցաշարքը, պիտի մեկնի Իտալիա` Նափոլիի դէմ մրցելու: Ռէալէն կը բացակային Տաւիտ Ալապա, որ Ժիրոնայի դէմ վիրաւորուած էր: Ան կը միանայ բերդապահ Քուրթուայի, պաշտպան Միլիթաուի եւ միջնապահ Կիւլերի` վիրաւորներու ցանկին վրայ: Խումբին պիտի միանան Վինիսիոս Ճինիոր եւ Ռուտիկըր` լաւապէս դարմանուելէ...

Պարսելոնա Յոյս Չի Կապեր Անսու Ֆաթիի

Պարսելոնա Յոյս Չի Կապեր Անսու Ֆաթիի

Քաթալոնիոյ ակումբ Պարսելոնա յոյսով է, որ Անսու Ֆաթի լաւ արդիւնք կու տայ Անգլիոյ Պրայթըն ակումբին հետ: Ֆաթի, որ ժամանակաւոր ձեւով միացած էր Պրայթընի, ոչ թէ Պարսելոնա վերադառնալու համար է, որ իրմէ լաւ խաղալ կը սպասուի, այլ պարզապէս աւելի սուղ գինով «ծախուելու» համար 2024-ին: Անսու Ֆաթի, որ մեծ յոյսեր ունէր Պարսելոնայի հետ փայլուն օրեր վայելելու, չէր համոզած մարզիչ Չաւին, որ նախընտրեց...

Պարսելոնայի Պատանի Եամալի Նոր Պայմանագրութիւնը

Պարսելոնայի Պատանի Եամալի Նոր Պայմանագրութիւնը

Պարսելոնայի յարձակողական ապագան` ապահով ձեռքերու մէջ է: Պարսայի պատանի Լամին Եամալ 3 տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ: Ըստ իտալական մամուլին, պայմանագրութիւնը կը ներառէ 1 միլիառ փաունտի գին մը` չեղեալ ընելու կամ ուրիշ խումբ ազատ փոխանցուելու կարելիութեամբ: Այս քայլը յայտնօրէն ըսել կ՛ուզէ, թէ Եամալ «ծախու չէ» եւ երկար ժամանակ կրնայ մնալ քաթալոնական ակումբին հետ: Ըստ Ֆապրիցիօ Ռոմանոյի, Եամալ անցեալ ամրան պայմանագրութիւնը...

Լիսանտրօ Մարթինես` Անգամ Մը Եւս Վիրաւոր

Լիսանտրօ Մարթինես` Անգամ Մը Եւս Վիրաւոր

Մանչեսթըր Եունայթըտի արժանթինցի կեդրոնի պաշտպան Լիսանտրօ Մարթինես երկրորդ անգամ ըլլալով վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի: Ան կրկին վիրաւորած է իր ոտքը, բան մը, որ զինք հեռու պիտի պահէ կանաչ դաշտերէն մօտ 3 ամիս: Եունայթըտ մեծ թիւով պաշտպան վիրաւորներ ունի, ինչպէս` Աարոն Ուան-Պիսաքա (2 ամիս), Թիրել Մալասիա, Լուք Շօ, Սերճիօ Ռեկիոն, մինչ Ռաֆայէլ Վարան ընդհանրապէս «դիւրին» կը վիրաւորուի` զինք դարձնելով անվստահելի:  

Պասքեթպոլ.  Լիլըրտ Միացաւ Միլուոքի

Պասքեթպոլ. Լիլըրտ Միացաւ Միլուոքի

«Էն. Պի. Էյ.»-ի Միլուոքի Պաքս խումբը, որ անցեալ եղանակին Արեւելեան շրջանի լաւագոյն խումբն էր, իր կազմին միացուց Փորթլընտ Թրէյլ Պլէյզըրզի աստղերէն Տեմիըն Լիլըրտը: Ան միանալով Եաննիս Անթեթոքամփոյի, հզօր զոյգ մը պիտի կազմեն անցեալ տարուան յուսախաբութիւնը մոռցնելու համար, մանաւանդ որ Եաննիսի վիրաւորուիլը պատճառ դարձած էր փլէյ օֆէ դուրս մնալու: Միլուոքի մարզիկ Ճրու Հոլիտէյ իր կարգին լքեց Պաքսը եւ միացաւ Պոսթըն Սելթիքսին:...

Պասքեթպոլ. Պէյրութ Տիրացաւ Տոհայի Միջազգային 2-րդ Մրցաշարքի Տիտղոսին

Պասքեթպոլ. Պէյրութ Տիրացաւ Տոհայի Միջազգային 2-րդ Մրցաշարքի Տիտղոսին

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտին հասաւ Տոհայի պասքեթպոլի միջազգային 2-րդ մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ զուտ լիբանանեան աւարտական հանգրուանի մրցումը, Պէյրութի եւ Սաժես Պէյրութի միջեւ: Արձանագրելով 90-62 արդիւնքով բաւական մեծ յաղթանակ մը՝ Պէյրութ տիրացաւ տիտղոսին, այսպիսով պարտութեան մատնելով այս մրցաշարքի առաջին տիտղոսակիրը, որ նախորդ տարի հանդիսացած էր ախոյեան: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը (19) նշանակեց Պէյրութէն Ալի Մըզհեր (անցեալ տարի՝ Սաժես): Նշենք, որ նախորդ...

Մարմնամարզութիւն. «Ուորլտ Չելընճ Քափ». Արթուր Դաւթեան՝ Բաժակակիր

Մարմնամարզութիւն. «Ուորլտ Չելընճ Քափ». Արթուր Դաւթեան՝ Բաժակակիր

Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի ախոյեան Արթուր Դաւթեան մարմնամարզութեան «Ուորլտ Չելընճ Քափ»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ հանդիսացաւ բաժակակիր յենացատկի մրցումներուն, այս մասին յայտնեց Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: «Ուորլտ Չելընճ Քափ»-ի մրցաշարքը տեղի կ'ունենայ պելճիքական Անվերս քաղաքին մէջ: Նշենք, որ Արթուր Դաւթեան յենացատկի մրցումներուն ոսկի մետալներու տիրացած էր Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի եւ Խրուաթիոյ Օսիյեք քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքերուն:

Մխիթարեան Շնորհակալութիւն Յայտնեց «Սի. Էն. Էն. »-ին՝ Արցախի Մէջ Տեղի Ունեցող Ողբերգութիւնը Լուսաբանելու Համար

Մխիթարեան Շնորհակալութիւն Յայտնեց «Սի. Էն. Էն. »-ին՝ Արցախի Մէջ Տեղի Ունեցող Ողբերգութիւնը Լուսաբանելու Համար

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ, իտալական Ինթեր Միլանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով շնորհակալութիւն յայտնեց «Սի. Էն. Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, իր՝ Արցախին աջակցելու միջազգային հանրութեան ուղղուած կոչին անդրադառնալուն համար: «Շնորհակալութիւն՝ «Սի. Էն. Էն. »-ին, լուսաբանելու համար այն ողբերգութիւնը, որ այժմ տեղի կ'ունենայ Արցախի մէջ: Մարդիկ ցեղասպանութեան կ'ենթարկուին այսօր՝ 2023 թուականին, եւ անոնք յուսահատօրէն մեր օգնութեան կարիքը...

Արթուր Ոսկանեան Հեռացաւ Ֆութպոլի Ակադեմիայի Թեքնիք Տնօրէնի Պաշտօնէն

Արթուր Ոսկանեան Հեռացաւ Ֆութպոլի Ակադեմիայի Թեքնիք Տնօրէնի Պաշտօնէն

Աւանի ֆութպոլի ակադեմիայի թեքնիք տնօրէն Արթուր Ոսկանեան իր կատարած յայտարարութեան մէջ ըսաւ, որ կը լքէ իր պաշտօնը՝ երկկողմանի համաձայնութեան գալէ ետք ակադեմիային ղեկավարութեան հետ: Ան աւելցուց սակայն, որ յառաջիկային պիտի շարունակէ աշխատիլ յանուն հայկական ֆութպոլին: Նշենք, որ ան ութ ամիսէ ի վեր կը վարէ իր այս պաշտօնը:  

Հայաստանի Աղջկանց Ֆութպոլի 17 Տարեկանէն Վար Ազգային Հաւաքականը Մարզական Հաւաքի Մը Սկսաւ

Հայաստանի Աղջկանց 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Կը Պատրաստուի Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի աղջկանց 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ նախորդ շաբաթավերջին աւարտեց իր մարզական հաւաքը: Այս հաւաքով հայրենի կազմը փորձեց լաւապէս պատրաստուիլ Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն: Հայաստանի հաւաքականին մրցակիցները պիտի ըլլան Քոսովօ (3 հոկտեմբեր), Հիւսիսային Մակեդոնիա (6 հոկտեմբեր) եւ Վրաստան (9 հոկտեմբեր): Նշենք,...

Հայրենի Կռփամարտիկները 6 Մետալի Տիրացան Ռուսիոյ Մէջ

Հայրենի Կռփամարտիկները 6 Մետալի Տիրացան Ռուսիոյ Մէջ

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հայրենի կռփամարտիկները 6 մետալի տիրացան, նախորդ շաբաթավերջին Ռուսիոյ Անափա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Նիքոլայ Փաւլիուքովի միջազգային մրցաշարքին: Կարէն Աղամալեանի գլխաւորութեամբ մրցավայր մեկնած Հայաստանի խումբէն ոսկի մետալի տիրացաւ Ռուտոլֆ Գարբոյեան (51 քկ), մինչ անոր եղբայրը՝ Ռուբէն Գարբոյեան (54 քկ), տիրացաւ արծաթ մետալի: Իսկ պրոնզէ մետալակիր դարձան Արարատ Յարութիւնեան (67 քկ), Յովհաննէս Փափազեան (92...

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ն 2024-ի Տարեկան Համագումարը Մատրիտէն Տեղափոխեց Փարիզ

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ն 2024-ի Տարեկան Համագումարը Մատրիտէն Տեղափոխեց Փարիզ

Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի գործադիր կոմիտէի նիստին ընթացքին եւրոպական կազմակերպութեան նախագահը՝ Ալեքսանտր Զեֆերին, 8 փետրուար 2024-ին նախատեսուած տարեկան համագումարը Մատրիտէն տեղափոխեց Փարիզ՝ նկատի ունենալով, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը նախագահ չունի: Ինչպէս ծանօթ է, Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Խոսէ Լուիս Ռուպիալես վերջերս ներկայացուց իր հրաժարականը եւ ՖԻՖԱ-ին կողմէ երեք ամիսով զրկուեցաւ ֆութպոլի գործունէութեամբ զբաղելէ: Նշենք, որ 46...

«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըր Սիթի, Լիվըրփուլ Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ՝ Պարտուեցան

«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըր Սիթի, Լիվըրփուլ Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ՝ Պարտուեցան

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 7-րդ հանգրուանի մրցումները բաւական անյաջող եղան երեք զօրաւոր կազմերու, ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի, Լիվըրփուլի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի համար, որոնք պարտութիւններ կրեցին: Սիթի, որ հիւրը եղաւ Վուլվզին, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ խումբը՝ Եունայթըտ, իր դաշտին մէջ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Քրիսթալ Փալասէն, մինչ Լիվըրփուլ, որ հիւրն էր Թոթենհամին, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով...

Ռաֆինիա Շուրջ Մէկ Ամիսով Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Ռաֆինիա Շուրջ Մէկ Ամիսով Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Պարսելոնային մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Ռաֆինիա շուրջ մէկ ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան վիրաւորուեցաւ Սեւիլլայի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 8-րդ հանգրուանի մրցումին եւ փոխարինուեցաւ 37-րդ վայրկեանին: Այսպիսով, 26 տարեկան Ռաֆինիա պիտի բացակայի նուազագոյնը հինգ մրցումով, որոնց կարգին՝ Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենանիք 11-րդ հանգրուանի «Քլասիքօ»-ի մրցումը, որ տեղի...

Սեսար Ասփիլիքուեթայի Պատմական Նուաճումը

Սեսար Ասփիլիքուեթայի Պատմական Նուաճումը

Սպանական Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կազմող 34 տարեկան յետսապահ՝ Սեսար Ասփիլիքուեթա, Օսասունայի դաշտին մէջ արձանագրուած յաղթանակին (2-0), որ կ'իյնայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պատմական մրցում մը կատարեց: Ան Եւրոպայի հինգ յառաջատար ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն գծով կատարեց իր 500-րդ մրցումը: Յատկանշականը այն է, որ ան այս նուաճումին հասաւ այն խումբին դէմ, որուն հետ սկսած էր ֆութպոլիստի իր...

Page 252 of 1280 1 … 251 252 253 … 1,280

Արխիւներ