Սպանացի երիտասարդ թենիսմեն Քարլոս Ալքարաս վերջերս հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ սերպ Ճոքովիչի հետ իր պայքարն է, որ ուժ կու տայ առաջին դիրք վերադառնալու:
Ան արդէն իսկ Շանկհայի Մասթըրզ մրցաշարքին հասած է մէկ նպատակով` տարին աւարտելու թիւ 1 դիրքին վրայ:
20 տարեկան սպանացին յայտնեց. «Ամէն փորձի… Սուտ չեմ խօսիր: Փորձի ժամանակ նպատակ դրած կ՛ըլլամ, մրցումի ժամանակ նպատակ դրած կ՛ըլլամ: Նպատակս թիւ 1 դիրքի վրայ աւարտել է տարին:
Ալքարաս շատ համարձակ եւ պարզ ձեւով յայտնեց, թէ Ճոքովիչին հասնիլը իր միակ նպատակն է, եւ կը փորձէ իր լաւագոյնէն աւելին տալ գերազանցելու սերպ Ճոքովիչը: