Լիվըրփուլի մարզիչ Եուրկըն Քլոփ յայտնեց, որ հոլանտացի Ռայըն Կրավընպերխ հետզհետէ ինքնավստահ կը դառնայ ամառնային փոխանցումներու վերջին օրը Պայերն Միւնիխէն Լիվըրփուլին միանալէ ետք:
Հինգշաբթի օր 21 տարեկան Կրավընպերխ նշանակեց Լիվըրփուլի առաջին կոլը Իւնիոն Սեն Ժիլուազ (Պելճիքա) խումբին դէմ: Կրավընպերխ 2 անգամ ախոյեան հանդիսացած Այաքս Ամսթերտամի հետ հիմնական խաղցող էր` 89 անգամ մասնակցելով մրցումներու, բայց Պայերնին միանալէ ետք ընդհանրապէս իբրեւ պահեստի միջնապահ դաշտ կը ներկայանար:
«Կարծեմ յստակ է եւ օրէ օր աւելի կը յստականայ, թէ որքա՛ն լաւ ֆութպոլիստ է, որքա՛ն տաղանդ ունի: Ան հաճոյքով կը խաղայ, բան մը, որ շատ կարեւոր է, եւ քայլ առ քայլ ինքնավստահ կը դառնայ… Մէկ խօսքով` ճիշդ ճամբու վրայ է», ըսաւ գերմանացի Քլոփ: «Ուզեցինք 90 վայրկեան խաղցնել զինք, սակայն նկատեցինք, որ հետզհետէ կը դանդաղի եւ աւելի զգուշ կը խաղայ: Չուզեցինք վրան ճնշել, այդ պատճառով ալ փոխարինեցինք զինք 79-րդ վայրկեանին»:
«Ամէն ինչ լաւ է, շատ ուրախ եմ: Իմ ասպարէզիս ամէնէն դիւրին կոլը նշանակեցի, բայց կոլը կոլ է, կարեւոր չէ մնացածը: Եթէ բաւարար առիթ տաս մարզիկի մը, կարծեմ ինքնավստահ կը դառնայ, կարծեմ այս է ճիշդը», ըսաւ Կրավընպերխ:
Նշենք, որ Լիվըրփուլ 2-0 արդիւնքով յաղթած էր Պելճիքայի Սեն Ժիլուազ խումբին. Տիոկօ Ճոթա նշանակած էր Լիվըրփուլի 2-րդ կոլը: