Եուլիան Նակըլզման, որ անցեալ ամիս նշանակուեցաւ Գերմանիոյ ազգային խումբի մարզիչ, 14 եւ 18 հոկտեմբերի բարեկամական մրցումներուն համար 26 մարզիկներ հրաւիրեց ազգային խումբ:
Արդարեւ, Նակըլզման, որ նախապէս Պայերն Միւնիխի մարզիչն էր, Պայերնէն 5 մարզիկներ նկատի առաւ, մինչ վիրաւոր մարզիկներ Մանուէլ Նոյըրի, Սերժ Կնապրի եւ Թիմօ Վերների փոխարէն, առիթ պիտի ստանան նորեկ մարզիկներ:
«Հին-նոր» մարզիկներու կարգին է Մաթս Հումըլզ, որ 2020-ի Եւրոպայի ախոյեանութենէն ետք նկատի առնուած չէր: 34 տարեկան Հումըլզ բաւական լաւ ելոյթներ կ՛ունենար Տորթմունտի հետ, սակայն նախկին մարզիչները նկատի չէին առներ զինք:
Նակըլզման ըսաւ. «Ան շատ լաւ յարձակումներ կազմակերպելու կարողութիւն ունի: Խումբեր, որոնք պաշտպանողական կը խաղան դիմացդ, պէտք կ՛ունենաս Հումըլզի նման մարզիկներու, որպէսզի ետեւէն յարձակելով կարենան յաւելեալ թիւ ըլլալ յարձակումներու ժամանակ: Ան ղեկավարի եւ նոյնիսկ դաշտի վրայ մարզիչ ըլլալու կարողութիւն ունի: Ան շատ լաւ կրնայ ուղղել իր խմբակիցները»:
Նակըլզման նկատի առաւ նաեւ Շթութկարթի յառաջապահ Քրիս Ֆիւրիքը, Լեւերքուզընի միջնապահ Ռոպերթ Անտրիքը եւ Ֆուլհամի բերդապահ Պերնտ Լենօ: Այս 2 մրցումներէն դուրս մնացին Նիքօ Շլոթըրպեք, Էմրէ Չան, Թիլօ Քեհրըր եւ Լուքաս Քլոսթըրման:
ՍտորԵւ` 26 հրաւիրուած մարզիկները.
ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Օլիվըր Պաուման, Պերնտ Լենօ, Մարք-Անտրէ Թեր Շթեկըն, Քեւին Թրափ:
ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Ռոպին Կոսընզ, Մաթս Հումըլզ, Տաւիտ Ռաում, Անթոնիօ Ռուտիկըր, Նիքլաս Զուլը, Եոնաթան Թահ, Մալիք Թիաու:
ՄԻՋՆԱՊԱՀՆԵՐ.- Ռոպըրթ Սետրիք, Եուլիան Պրենտթ, Քրիս Ֆետիք, Լէոն Կորեցքա, Փասքալ Կրոս, Իլքայ Կիւնտոջ, Եոնաս Հոֆման, Եոշուա Քիմիչ, Ժամալ Մուսիալա, Լիրոյ Սանէ, Ֆլորիան Վիրց:
ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐ.- Քեւին Պեհրենս, Նիքլաս Ֆիւլքրիւկ, Քայ Հաւերց եւ Թոմաս Միւլըր: