Ժոել Էմպետ, որ Քամերունի հպատակութիւն ունէր, որոշեց ներկայացնել Միացեալ Նահանգներու ազգային խումբը` 2024-ի ամառնային Ողիմպիական խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Փարիզի մէջ:
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի Սենթըր Էմպիտ միջին հաշուով 33,1 կէտ, 10,2 ռիպաունտ եւ 4,2 էսիսթ կը կատարէ ամէն մրցումի:
Նիքոլա Պաթում, որ Ֆրանսայի ազգային խումբի մարզիկ է եւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի փլէյ մէյքըրը, յայտնեց, որ Էմպիտ նախապէս պահանջած է ֆրանսական հպատակութիւն, բայց ըստ երեւոյթին աւելի լաւ որոշում մը տուած է միանալու Միացեալ Նահանգներու:
2024-ի ողիմպիական խաղերը պիտի սկսին 26 յունիսին Փարիզի մէջ (Ֆրանսա), պասքեթպոլի մրցաշարքը պիտի ընդգրկէ 12 խումբեր, որոնց 8-ն արդէն յայտնի են` Սերպիա, Ֆրանսա (հիւրընկալ), Քանատա, Աւստրալիա, Ճափոն, Գերմանիա եւ Հարաւային Սուտան: