 Սէուտական Արաբիոյ Նասըր ակումբի աստղ փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ յաջորդաբար 2-րդ ամիսը ըլլալով ընտրուեցաւ ամսուան «լաւագոյն մարզիկ»-ը:
Սէուտական Արաբիոյ Նասըր ակումբի աստղ փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ յաջորդաբար 2-րդ ամիսը ըլլալով ընտրուեցաւ ամսուան «լաւագոյն մարզիկ»-ը:
38 տարեկան Ռոնալտօ 5 կոլ նշանակեց սեպտեմբերին, ինչպէս նաեւ 3 կոլի փոխանցումներ (էսիսթ) կատարեց: Ան օգոստոսին ալ 5 կոլ նշանակած էր եւ կատարած 2 էսիսթ:
Այժմ Նասըր, յաջորդական 6 մրցումներ յաղթած է եւ բարձրացած դասաւորման 4-րդ դիրքը:
Հակառակ անոր որ Ռոնալտօ հասած է իր ասպարէզի վերջին օրերուն, բայց ան տակաւին կը փաստէ, թէ կոլի ճամբան չէ կորսնցուցած: Ոչ միայն Սէուտական Փրօ-լիկի կոլսքորըրն է ան (10 կոլերով), Փորթուգալի ազգային խումբին հետ ալ 5 կոլ նշանակած է Եւրօ 2024-ի զտումի մրցումներուն: Յառաջապահ Ռոնալտօ այս եղանակին Նասըրի հետ արդէն իսկ աւելի կոլեր նշանակած է, քան անցեալ տարեշրջանին: 5 անգամ Պալոն Տօր (ոսկի գնդակ) շահած Ռոնալտօ 16 մրցումի ընթացքին նշանակած է 17 կոլ, մինչ անցեալ տարեշրջանին 14 կոլ նշանակած էր 19 մրցումի ընթացքին:
 
			

