Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եուվենթուսի Աստղ Փոլ Փոկպա Կրնայ 4 Տարի Կախակայուիլ

October 9, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սերի Ա.»-ի (Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւն) ֆրանսացի ֆութպոլիստ Փոլ Փոկպա կրնայ 4 տարի կախակայուիլ: Անցեալ ամիս ան կախակայուած էր, երբ օգոստոս ամսուան մէկ մրցումին աւարտին, յետ քննութեան, խթանիչ դեղերու հետքեր յայտնուեցան իր մօտ: Աւելի ուշ ան ենթարկուած էր 2-րդ քննութեան, որ նոյն արդիւնքները յայտնաբերած էր:

Փոկպա այժմ հարցաքննութեան պիտի ենթարկուի` գիտնալու համար, թէ դիտմա՞մբ գործածած է արգիլուած դեղը, թէ՞ ոչ: Կը կարծուի, թէ ան լուր չունի, որ արգիլուած դեղ կը գործածէ, մանաւանդ որ իր բարեկամ բժիշկը զինք պատուիրած էր չգործածել այդպիսի դեղ:

Եթէ Փոկպա կարենայ համոզել կամ փաստել, թէ տեղեակ չէր դեղին արգիլուած ըլլալէն, կրնայ 2 տարիով կախակայուիլ, այլապէս 4 տարի կախակայուելու հաւանականութիւն կայ:

Նշենք, որ ասիկա Փոկպայի 2-րդ տարեշրջանն է Եուվենթուսի հետ` միացած Մանչեսթըր Եունայթըտէն: Անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2026-ին:

Եուվենթուս, որ արդէն դժգոհ էր Փոկպայի վիճակէն, մանաւանդ որ ան միայն 8 անգամ Եուվէի (6 անգամ անցեալ եղանակին եւ 2 անգամ այս եղանակին) հետ դաշտ ներկայացած է, կը մտածէ զինք փոխարինել Թոթենհամի դանիացի միջնապահ Փիեռ-Էմիլ Հոյպերկով:

Հոյպերկ (28 տարեկան) 2016-էն կը խաղայ Անգլիոյ մէջ (Սաութհեմփթըն` մինչեւ 2020) եւ Թոթենհամի լաւագոյն միջնապահներէն կը նկատուի: Աթլեթիքօ Մատրիտի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ իր կարգին հետաքրքրուած է Հոյպերկով, մանաւանդ որ Սիմէոնէ համակիր է «կարծր» ֆութպոլի, իսկ Հոյպերկ բաւական կարծր միջնապահ մըն է:

 

 

 

Նախորդը

Նակըլզման Հումըլզը Հրաւիրեց Ազգային Խումբ

Յաջորդը

Մեկըն Ռափինոյի Վերջին Մրցումը Սիեթըլի Մէջ

RelatedPosts

Նոր Մարզաձեւ` Հայաստանի  Հաշմանդամ Մարզիկներուն
Մարզական

Նոր Մարզաձեւ` Հայաստանի Հաշմանդամ Մարզիկներուն

November 3, 2026
Նշանառութիւն.  Տոհայի Մէջ Սկսաւ Աշխարհի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Նշանառութիւն. Տոհայի Մէջ Սկսաւ Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

November 3, 2026
Թենիս.  Ալինա Չարայեւա Շահեցաւ Քուրմայորի Թենիսի Մրցաշարքը
Մարզական

Թենիս. Ալինա Չարայեւա Շահեցաւ Քուրմայորի Թենիսի Մրցաշարքը

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.