Անակնկալ որոշումով մը, ՖԻՖԱ-ն որոշեց 2030-ի մոնտիալի հիւրընկալ երկիրները յայտարարել ճշդուած թուականէն տարի մը առաջ:
Արդարեւ, ՖԻՖԱ-ն նախապէս որոշած էր 2030-ի մոնտիալը հիւրընկալելու քայլը լաւ ուսումնասիրել, մանաւանդ որ մոնտիալի հարիւրամեակի առիթն ալ կը զուգադիպի նոյն տարին: Եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ որոշուեցաւ 3 մրցումներ ալ կատարել Ուրուկուէյի, Արժանթինի եւ Փարակուէյի մէջ: 1930-ին Ուրուկուէյի մէջ տեղի ունեցած էր պատմութեան առաջին մոնտիալի մրցաշարքը, ուր աւարտականին հիւրընկալ Ուրուկուէյ պարտութեան մատնած էր Արժանթինը Մոնթեվիտէոյի մէջ` 4-2 արդիւնքով:
Հարիւրամեակը տօնելու որոշումին ծիրին մէջ, ՖԻՖԱ-ի անդամները համաձայնեցան տօնակատարութիւններ կատարել Մոնթեվիտէոյի մէջ: Այս ձեւով ալ նկատի ունենալով, որ մոնտիալը 6 տարբեր երկիրներու մէջ տեղի պիտի ունենան` տարբեր ցամաքամասերու եւ մթնոլորտներու մէջ, կրնայ ըլլալ, որ նոյնիսկ կարգ մը խումբեր եղանակային փոփոխութիւններուն պատճառով Ա. հանգրուանին կրնան տարբեր եղանակներու մրցումներ ունենալ:
2022-ի մոնտիալը, որ տեղի ունեցաւ Քաթարի մէջ, նոյեմբեր-դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Ծոցի երկիրներուն տաք կլիմայական պայմաններէն փախուստ տալու համար:
Արժանթին, որ աշխարհի ախոյեանն է այժմ, յայտարարեց, թէ 2030-ի մոնտիալի առաջին հանգրուանի խմբակի մրցումը պիտի կատարէ իր երկրին մէջ եւ իր համակիրներուն ներկայութեամբ:
«Բաժնուած աշխարհի մէջ ՖԻՖԱ-ն եւ ֆութպոլը կը միացնեն բոլորը», յայտնեց ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ:
Փարակուէյի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռապըրթ Հերեսըն յայտնեց, թէ Արժանթին Ուրուկուէյ եւ Փարակուէյ բնականաբար պիտի մասնակցին 2030-ի մոնտիալին, առանց սակայն որեւէ մանրամասնութիւն տալու` հարաւային Ամերիկայի զտումի մրցումներուն ձեւին մասին: Փարակուէյ, որ 2 անգամ շահած է Քոփա Ամերիքան, վերջին անգամ 2010-ին հասած էր մոնտիալի մրցաշարքին:
Մինչ Մարոքի եւ Փորթուգալի համար առաջին անգամն է մոնտիալ կազմակերպելու առիթը, Սպանիա 1982-ին բաւական յաջող մոնտիալ մը կազմակերպած էր:
Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ Փետրօ Ռոշա շատ լաւատես է այս առիթով եւ կը վստահեցնէ, որ Փորթուգալի եւ Մարոքի հետ անմոռանալի մոնտիալ մը պիտի կազմակերպեն, որ պիտի ըլլայ պատմութեան լաւագոյնը:
Փորթուգալ, որ 2004-ին կազմակերպած է Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, վերջապէս յաջողեցաւ մոնտիալ կազմակերպել 2018-ի եւ 2022-ի թեկնածութեան ձախողութենէն ետք:
Մարոքի թագաւոր Մոհամետ Զ. մեծ ուրախութեամբ ընդունեց ՖԻՖԱ-ի որոշումը:
Ափրիկեան խումբը անցեալ մոնտիալին անակնկալի բերած էր ֆութպոլի աշխարհը` մոնտիալի կիսաւարտականին հասնելով:
Մարոք պիտի ըլլայ 2-րդ ափրիկեան երկիրը, որ կը հիւրընկալէ մոնտիալը 2010-ին հարաւային Ափրիկէէն ետք:
ՖԻՖԱ-ն յայտարարեց նաեւ, որ 2034-ի մոնտիալը պէտք է կազմակերպէ ասիական կամ ովկիանական ցամաքամասէն երկիր մը` հրաւիրելով երկու ցամաքամասերու երկիրները, որպէսզի ներկայացնեն իրենց թեկնածութիւնը:
Սէուտական Արաբիա արդէն իսկ յայտնած էր իր փափաքը` հիւրընկալելու 2034-ի մրցաշարքը:
Յիշեցնենք, որ 2026-ի մոնտիալը պիտի հիւրընկալեն Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ Մեքսիքօ:


