2021-ի եւ 2022-ի աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն կրնայ վաղը դառնալ 2023-ի 2023-ի Ֆորմիւլա-1-ի աշխարհի ախոյեան:
Այս տարուան 17-րդ` Ճափոնի կրնան Փրիին Վերշթափընի «Ռետ Պուլ» ինքնաշարժը արդէն իսկ շահած էր խումբերու այս տարուան ախոյեանութիւնը, տարեշրջանի աւարտէն 5 մրցում առաջ:
18-րդ մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` Քաթարի մէջ, կրնայ ըլլալ Վերշթափընի ախոյեանութեան ձեռնադրուելու վայրը: Ան 177 կէտի առաւելութիւն մը ունի ամէնէն մօտիկ մրցակից-խմբակից Սերճիօ Փերեսի վրայ (400-223): 3 կէտի առաւելութիւն մը ունենալու պարագային Վերշթափըն կը դառնայ ախոյեան, երրորդ յաջորդական տարին ըլլալով: Հիմնական պայքարը 2-րդ դիրքին համար պիտի ըլլայ յառաջիկայ այս մրցումներուն, մանաւանդ Փերես (223), Հեմիլթըն (190), Ալոնսօ (174), Քարլոս-Սայնց (150), Լըքլերք (135), Նորիս (115) եւ Ռասըլ (115) բաւական մօտ են իրարու: