Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի աղջկանց աստղերէն Մեկըն Ռափինօ վերջին մրցումը խաղցաւ իր խումբին` Օ. Լ. Ռէյնի դաշտին վրայ, Սիեթըլի մէջ:
Ուաշինկթըն Սփիրիթի դէմ այս մրցումին ներկայ էին 34.130 համակիրներ, որոնք ծափահարութիւններով ընդունեցին Ռափինոն:
2 անգամ մոնտիալը շահած Մեկըն, որ Օ. Լ. Ռէյն ակումբին հետ 11 տարի խաղցաւ, ձեւով մը պատճառ էր այս խումբին միջազգային դառնալուն:
«Տունիս պէս կը զգամ: Միշտ ամէնէն ապահով տեղն էր հոս: Հոս ես ինծի միշտ կը զգամ, որ ամէն ինչ կրնամ ընել», ըսաւ 38 տարեկան Մեկըն:
Ռափինոյի խմբակիցները դաշտ ներկայացան թիւ 15 շապիկով` պատուելու համար զինք: Ներկայ էին նաեւ թենիսի պատմական մարզիկներէն թենիսվումըն Պիլի Ճեն Քինկ, ինչպէս նաեւ Սիեթըլի պէյսպոլի «մեծ»-երէն Քեն Կրիֆի Ճունիոր:
«Առաջին անգամ ըլլալով չեմ գիտեր ի՛նչ խօսիմ», ըսաւ Մեկըն, որ բաւական զգացուած էր: Մեկըն ողիմպիականի ոսկի մետալը եւ 2019-ի Պալոն տորոն ալ շահած էր (ոսկի գնդակ` լաւագոյն մարզիկի):
Ռափինօ արդէն իսկ ազգային խումբին հետ իր վերջին մրցումը ունեցած էր անցեալ ամիս` բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հարաւային Ափրիկէի դէմ: