Գերմանիոյ ախոյեան Պայերն Միւնիխ Չեմփիընզ լիկի իր մրցանիշները կը բարելաւէ:
Արդարեւ, երեքշաբթի օր, Պայերն 36-րդ յաջորդական խաղը աւարտեց առանց պարտութեան, որ նոր մրցանիշ է:
Գերմանացի Թոմաս Թուխելի տղաքը 2-1 արդիւնքով յաղթանակով վերադարձան Քոփենհակընի դէմ մրցումէն (Դանիա):
Այս յաղթանակը իր կարգին մրցանիշ մըն է` յաջորդական 15-րդ յաղթանակը խմբակներու հանգրուաններու գծով:
Վերջին անգամ Պայերն 2017-ին ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ պարտուած էր խմբակներու այս հանգրուանին: Այդ պարտութենէն ի վեր, Պայերն 33 յաղթանակով եւ 3 հաւասարութեամբ աւարտած է իր 36 մրցումները: