«Ռետ Պուլ»-ի վարորդ Մաքս Վերշթափըն շաբաթ գիշեր Քաթարի մէջ Ֆորմիւլա-1-ի սփրինթի մրցումին գրաւեց 2-րդ դիրքը, բան մը, որ բաւարար էր կէտերու առաւելութեան մը հասնելով շահելու այս տարուան ախոյեանի տիտղոսը:
Սփրինթ մրցումը երրորդ տարին ըլլալով տեղի կ՛ունենայ, բայց 2021-ի եւ 2022-ի նման 3 մրցում չէ, այլ 6: Այսինքն` այս տարի մինչեւ օրս սփրինթի մրցումները եղան Ազրպէյճանի, Աւստրիոյ, Պելճիքայի եւ Քաթարի մէջ, տակաւին 2 մրցումներ կան Միացեալ Նահանգներու եւ Պրազիլի մէջ: Մինչ այդ, սփրինթի մրցումը 100 քմ երկարութեան վրայ կ՛ըլլայ, ուր վարորդները առանց մուտք գործելու փիթ-սթոփ եւ անիւ փոխելու կը մրցին ամբողջ տեւողութիւնը:
Վերադառնալով Քաթարի սփրինթի մրցումին, «Սէյֆթի Քար»-ը 3 անգամ իջաւ արկարծներու պատճառով` ստեղծելով բաւական «լուսաւոր» խանդավառ մթնոլորտ գիշերով տեղի ունեցող այս մրցումին: «Մաքլարեն»-ի վարորդ Օսքար Փիասթրի (Աւստրալիա) գրաւեց առաջին դիրքը, մինչ Վերշթափըն, որ 3-րդ դիրքէն 5-րդի նահանջած էր մրցումի ազդանշանին, կարողացաւ հասնիլ 2-րդ դիրքին, բայց չկրցաւ գերազանցել Փիասթրին:
«Մաքլարեն»-ի միւս վարորդը` Լանտօ Նորիս մրցումի աւարտէն քանի մը լեփ առաջ, անցաւ «Մերսետես»-ի վարորդ Ճորճ Ռասըլին (Մեծն Բրիտանիա)` գրաւելով 3-րդ դիրքը:
Վերշթափընի յաղթանակը հաստատուեցաւ, երբ իր խմբակից Սերժիօ Փերես արկած ունեցաւ Օքոնի (Ալփին) եւ Հուլքենպերկի (Հաս) հետ:
Վերշթափըն, որ 5 կէտերու առաւելութեան պէտք ունէր Փերեսի վրայ` ձեռնադրուելու ախոյեան, Փերեսին դուրս ելլելով ինքնաբերաբար շահեցաւ տիտղոսը, առանց մրցումը աւարտելու նոյնիսկ:
Վերշթափըն մրցումի աւարտին իր խումբին ըսաւ. «Չեմ գիտեր ինչ ըսեմ, անհաւատալի տարի. շատ շնորհակալ եմ ինծի այսքան լաւ ինքնաշարժ մը տրամադրելու համար: Շատ հաճելի տարի մըն է մինչեւ հիմա»:
Ստորեւ` առաջին 8 վարորդները (սփրինթի).
1.- Օսքար Փիասթրի («Մաքլարեն»)
2.- Մաքս Վերշթափըն («Ռետ Պուլ»)
3.- Լանտօ Նորիս («Մաքլարեն»)
4.- Ճորճ Ռասըլ («Մերսետես»)
5.- Լուիս Համիլթըն («Մերսետես»)
6.- Քարլոս Սայնց («Ֆեռարի»)
7.- Շարլ Լըքլեր («Ֆեռարի»)
8.- Ալեքսանտր Ալարն («Ուիլիամս»)