Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Սիթի Պիտի Մեկնի Լոնտոն` Վիրաւոր Արսենալի Դէմ Մրցելու

Հոկտեմբեր 7, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով վաղը` կիրակի, 8 հոկտեմբերի ժամը 6:30-ին Արսենալ պիտի հիւրընկալէ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին, 8-րդ հանգրուանին:

Արսենալի ախոյեան ըլլալու թեկնածուի կարողութիւնները վաղը կը յստականան, մանաւանդ որ պրազիլցի Կապրիել Մարթինեզ եւ հոլանտացի Եուրիըն Թիմպըր բացակայ պիտի ըլլան վաղը, մինչ Պուքայօ Սաքայի վիճակը քիչ մը աւելի լաւ է: Ան Լանսի դէմ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումին մկանի ցաւ ունեցաւ եւ հեռացաւ դաշտէն 34-րդ վայրկեանին: Բայց բժշկական քննութիւններէ ետք ոչ մէկ անբնական բան ի յայտ եկաւ: 2021-էն ի վեր ան մասնակցած է Արսենալի ախոյեանութեան բոլոր մրցումներուն (90 յաջորդական մրցում):

Տակաւին քանի մը օր առաջ, Սիթիի մարզիչ Փեփ Կոարտիոլա այս նիւթին մասին գանգատ ունէր եւ ՖԻՖԱ-էն ու «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-էն պահանջեց ֆութպոլիստներուն բաւարար դադար տալ` հանգիստի համար: «Ֆութպոլը կը խաղան ֆութպոլիստները», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պէտք է ֆութպոլիստները գործադուլ յայտարարեն, մկանները դադարի պէտք ունին»: Ան օրինակ բերած էր Միացեալ Նահանգներու «Էն. Պի. Էյ.»-ին մէջ կիրարկուած ձեւը: «Անոնք 80 մրցում կը խաղան, բայց ունին 4 ամիս` դադարի»: «Ամէն անգամ որ ես կամ Եուրկըն Քլոփ այս մասին կը գանգատինք, ՖԻՖԱ-ն եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն մեզի կ՛ըսեն, թէ բաւարար դրամ կը շահիք, այս նիւթին` մասին մի՛ խօսիք այլեւս»:

Վերադառնալով Արսենալ-Մանչեսթըր Սիթի մրցումին, Սիթի ամէն գնով պիտի փորձէ յաղթանակներու ճամբան բռնել, մանաւանդ որ բաժակի մրցաշարքէն դուրս մնաց, եւ անցեալ շաբաթավերջին պարտութիւն մը եւս կրեց Վուլվզէն: Սիթիէն պիտի բացակային միջնապահներ Ռոտրի (կախակայուած) եւ պելճիքացի Քեւին Տը Պրունյը (վիրաւոր): 23 տարեկան արժանթինցի Եուլիան Ալվարես փլէյ-մէյքըրի դիրքի վրայ կը խաղայ` ձեւով մը զօրացնելու դաշտին կեդրոնը: Ան ոչ միայն յաջողեցաւ, այլ այս եղանակի բոլոր մրցումներուն դաշտ ներկայանալով նոյնիսկ նշանակեց 3 կոլեր:

Ստորեւ Անգլիոյ շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը.

ԺԱՄ
Լիւթըն Թաուն – Թոթենհամ14:30-ին
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Պրենթֆորտ17:00-ին
Պըրնլի – Չելսի17:00-ին
Էվըրթըն – Պորնմաութ17:00-ին
Ֆուլհամ – Շեֆիլտ Եունայթըտ17:00-ին
Քրիսթըլ Փելէյս – Նոթինկհամ Ֆորեսթ19:30-ին
ԿԻՐԱԿԻ   ԺԱՄ
Պրայթըն – Լիվըրփուլ16:00-ին
Ուեսթ Համ – Նիւքեսըլ16:00-ին
Վուլվզ – Ասթոն Վիլա16:00-ին
Արսենալ – Մանչեսթըր Սիթի18:30-ին

ՍՊԱՆԻԱ

«Լա Լիկա»-ի 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Ռէալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ 9-րդ դիրքը գրաւող Օսասունան: 2-րդ դիրքը գրաւող Պարսելոնան պիտի մեկնի նախավերջին դիրքը գրաւող Կրանատայ դաշտը: Այս հանգրուանի ամէնէն հաւասարակշռուած մրցումը պիտի ըլլայ Էսթատիօ Մեթրոփոլիթանօ դաշտին վրայ, ուր Աթլեթիքօ Մատրիտ կը հիւրընկալէ Ռէալ Սոսիետատը: Աթլեթիքօ 4-րդ դիրքը կը գրաւէ, մինչ Սոսիետատ` 5-րդ:

Ստորեւ` 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐԺԱՄ
Քատիս – Ժիրոնա15:00-ին
Ռէալ Մատրիտ – Օսասունա17:15-ին
Սեւիլա – Ռայօ Վայեքանօ22:00-ին
ԿԻՐԱԿԻ
Վիարէալ – Լաս Փալմաս15:00-ին
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ռէալ Սոսիետատ17:15ին
Ալավես – Պեթիս19:30-ին
Սելթա – Խեթաֆէ19:30-ին
Կրանատա – Պարսելոնա22:00-ին

ԳԵՐՄԱՆԻԱՊունտըսլիկայի 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Լեւերքուզըն պիտի հիւրընկալէ նախավերջին դիրքը գրաւող Քէօլնը, մինչ ախոյեան Պայերն Միւնիխ պիտի հիւրընկալէ Ֆրայպուրկը:

Ստորեւ` յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐԺԱՄ
Տորթմունտ – Ունիոն Պերլին16:30-ին
Լայփցիկ – Պոխում16:30-ին
Շթութկարթ – Վոլֆսպուրկ16:30-ին
Աուկըսպու – Տարմշթատ16:30-ին
Պրեմըն – Հոֆենհայմ19:30-ին
ԿԻՐԱԿԻ
Լեւերքուզըն – Քէօլն16:30-ին
Պայէրն Միւնիխ – Ֆրայպուրկ18:30-ին
Ֆրանքֆորթ – Հայտընհայմ20:30-ին

ԻՏԱԼԻԱ

«Սերի Ա.»-ի 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Ինթեր Միլան պիտի հիւրընկալէ 8-րդ դիրքը գրաւող Պոլոնիան: Միլանի քաղաքի միւս խումբը` Ա. Սէ. Միլան, որ միայն կոլերու տարբերութեամբ կը գրաւէ 2-րդ դիրքը, պիտի ըլլայ հիւրը` 14-րդ դիրքը գրաւող Ճենովային: Թորինօ քաղաքի տերպին տեղի պիտի ունենայ այսօր ժամը 19:00-ին` Եուվէի դաշտը:

Ստորեւ յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐԺԱՄ
Ինթեր Միլան – Պոլոնիա16:00-ին
Եուվենթուս – Թորինօ19:00-ին
Ճենովա – Ա. Սէ. Միլան21:45-ին
ԿԻՐԱԿԻ
Մոնզա – Սալերնիթանա13:30-ին
Լացիօ Ռոմա – Աթալանթա16:00-ին
Ֆրոսինոնէ – Վերոնա16:00-ին
Քալիարի – Ա. Էս. Ռոմա19:00-ին
Նափոլի – Ֆիորենթինա21:45-ին

ՖՐԱՆՍԱ

«Լիկ 1»-ի 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, գագաթի մրցում մը իրարու դէմ պիտի հանէ Ռենսը (3-րդ) եւ Մոնաքոն (առաջին): 6-րդ դիրքը գրաւող Ռեն պիտի հիւրընկալէ Փարիզ Սեն Ժերմենը վաղը գիշեր:

Ստորեւ յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐԺԱՄ
Մեց – Նիս18:00-ին
Ռենս – Ա. Էս. Մոնաքօ22:00-ին
ԿԻՐԱԿԻ
Մարսէյ – Լը Հաւր14:00-ին
Լիոն – Լորիան16:00-ին
Պրեսթ – Թուլուզ16:00-ին
Մոնփելիէ – Քլերմոն16:00-ին
Լանս – Լիլ18:05-ին
Ռեն – Փարիզ Սեն Ժերմեն21:45-ին
Նախորդը

Ֆորմիւլա 1. Վերշթափըն Կրնայ Ախոյեան Դառնալ Քաթարի Մէջ

Յաջորդը

Ամերիկեան Ուժերը Սուրիոյ Մէջ Թրքական Անօդաչու Թռչող Սարք Վար Առած Են

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Յաղթանակով (90-80) Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթանակով (90-80) Սկսաւ Տարեշրջանը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւտօ.  Արզումանեան Ընտանիքէն Երկու Անդամներ Մետալներ Շահեցան
Մարզական

Ճիւտօ. Արզումանեան Ընտանիքէն Երկու Անդամներ Մետալներ Շահեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Բռնցքամարտ.  Օթար Երանոսեան Ախոյեան
Մարզական

Բռնցքամարտ. Օթար Երանոսեան Ախոյեան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?