Պասքեթպոլի նախկին թիւ 1 աստղ Մայքըլ Ճորտըն այժմ 4,7 միլիառ տոլար ունի եւ Միացեալ Նահանգներու մեծահարուստներու ցանկի թիւ 1 աթլեթն է:
60 տարեկան Ճորտըն առաջին անգամ ըլլալով «Էն. Պի. Էյ.» մուտք գործած էր 1984-ին իբրեւ 21 տարեկան սկսնակ մարզիկ եւ շուտով հռչակ շահած էր: 15 տարուան ընթացքին ան մօտաւորապէս 149 միլիոն տոլար եկամուտ ունեցած է, եւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն վճարուող մարզիկն էր 1997-ին եւ 1998-ին:
Բայց Ճորտըն դաշտէն դուրս է, որ ձեռք ձգած է այսքան դրամ:
Շատ մը ձեւերով, պասքեթպոլէն հրաժեշտ տուած Ճորտըն եղաւ ծանօթ վաճառանիշներու ծանուցումներու դէմք մը, ինչ որ այժմու աթլեթներու թիւ 1 եկամուտի աղբիւրն է:
Դաշտէն դուրս Ճորտըն 3,8 միլիառ տոլար շահած է, յայտնի վաճառանիշներ Մաք Տոնալտզի, Կեթորէյտի եւ Նայքի հետ պայմանագրութիւններով:
Իր վերջին տարեկան մարզական կօշիկէ եկամուտը առանձին մօտ 411 միլիոն տոլար էր:
Սակայն պէտք է նշել, որ իր վարկանիշին այսքան բարձրանալուն պատճառը վերջերս մօտ երեք միլիառ տոլարով «Էն. Պի. Էյ.»-ի Չարլոթ Հորնեց խումբին բաժինը ծախելէն է:
2010-ին ան 17 անգամ աւելի նուազ գինով գնած էր Հորնեցը: Այդ վաճառքէն ետք է, որ օգոստոսին Ճորտընի զուտ արժէքը անցած էր 4.7 միլիառ տոլարը` զինք դարձնելով միակ աթլեթը կամ մարզիկը` Ֆորպզ 400-ի ցանկին վրայ, որ կը յայտնաբերէ Միացեալ Նահանգներու 400 հարուստ մարդիկը:


