Մարզական

Աիսոյ Ֆութպոլի Բաժակ.  Իրաք Եւ Հարաւային Քորէա` Յաղթական

Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակ. Այսօր` Յորդանան – Հարաւային Քորէա

Այսօր ժամը 17:00-ին, Քաթարի մէջ տեղի ունեցած Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի 18-րդ մրցաշարքի կիսաւարտականի առաջին մրցումին, Յորդանան պիտի մրցի Հարաւային Քորէայի դէմ: Քառորդ աւարտականին Յորդանան 1-0 արդիւնքով դուրս ձգած էր Տաճիկիստանի ազգային խումբը, շնորհիւ Վախտաթ Խանոնովի իր բերդին մէջ նշանակած կոլին, 66-րդ վայրկեանին: Հարաւային Քորէա իր կարգին դժուարութեամբ հասաւ կիսաւարտական` դուրս ձգելով Աւստրալիան 2- արդիւնքով, յետ երկարաձգման: Քրէյկ Կուտուին 42-րդ վայրկեանին...

Ափրիկէի Բաժակի Մրցաշարք.  Ախոյեան Սենեկալ Յաղթանակով Սկսաւ

Ափրիկէի Ֆութպոլի Բաժակ. Վաղը` Նիկերիա – Հարաւային Ափրիկէ Եւ Փղոսկրեայ Ափունք – Քոնկօ

Վաղը Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ տեղի կ՛ունենան Ափրիկէի ֆութպոլի բաժակի 34-րդ մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումները: Ժամը 19:00-ին Նիկերիա կը մրցի Հարաւային Ափրիկէի դէմ, իսկ ժամը 22:00-ին հիւրընկալ Փղոսկրեայ Ափունք` Քոնկոյի դէմ: Քառորդ աւարտականին, Նիկերիա 1-0 արդիւնքով դուրս ձգած էր Անկոլան, շնորհիւ Ատեմոլա Լուքմանի կոլին, մինչ Հարաւային Ափրիկէ 2-1 փենալթիներու արդիւնքով դուրս ձգած էր Քափէ Վերտէն, երկու խումբերը 120 վայրկեան ձախողելէ ետք կոլ...

«Էն. Պի. Էյ.» Եութա Վերջին Մասին Յաղթեց Միլուոքիի. Պիլ 43 Կէտ Նշանակեց Իր Նախկին Խումբին Դէմ

«Էն. Պի. Էյ.» Եութա Վերջին Մասին Յաղթեց Միլուոքիի. Պիլ 43 Կէտ Նշանակեց Իր Նախկին Խումբին Դէմ

Միլուոքի Պաքս գլխաւորութեամբ յոյն «հսկայ» Եաննիս Անթեթոքումփոյի դէպի յաղթանակ կը սուրար Եութա Ճեզի դաշտին վրայ եւ 19 կէտի առաւելութիւն ձեռք ձգած էր, երբ Եութա «ըմբոստացաւ» եւ գերազանցեց ինքզինք` նշանակելով 40 կէտ եւ միայն 13 կէտի նուազեցնելով Միլուոքի կողովները վերջին մասին: Եութա մրցումը աւարտեց 15 կէտի առաւելութեամբ շնորհիւ Լաորի Մարքանենի (2 կէտ) Քոլին Սեքսթընի (19 կէտ) Քիյոնթէ Ճորճի (19 կէտ եւ...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Տպաւորիչ Յաղթանակ Մը Տարաւ Սաժեսի Դէմ` 97-80 Արդիւնքով

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Տպաւորիչ Յաղթանակ Մը Տարաւ Սաժեսի Դէմ` 97-80 Արդիւնքով

Երէկ, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան գծով, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեանց» մարզադաշտը վերածուած էր իսկական փառատօնի, ուր հարիւրաւոր պատանիներ ստեղծեցին գեղեցիկ մթնոլորտ մը սփռուեցաւ լիբանանեան «Էմ. Թի. Վի.» կայանէն, դրական երեւոյթ մը ստեղծելով լիբանանցի հանդիսատեսներուն մօտ ալ: Առաջին վայրկեանէն իսկ ՀՄԸՄ-ի տղաքը տիրապետեցին եւ արագ կողովներ նշանակեցին մօտէն թէ հեռուէն: Սաժես վերջին վայրկեանին քիչ մը մօտեցաւ, բայց...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Արամուն

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Ուաֆա Ղպէյրի – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` 3-9

Շաբաթ երեկոյեան, Շարքի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց եւ Ուաֆա Ղպէյրիի միջեւ: Մրցումին 9-րդ վայրկեանին Տիգրան Վարդան (Տիգօ) բացաւ մրցումին հաշիւը: 3 վայրկեան ետք Եուսեֆ Մղանիյյէ նշանակեց 1-1-ի կոլը: 14-րդ վայրկեանին, Ալեք Ալճեան նշանակեց ՀՄԸՄ-ի 2-րդ կոլը: 21-րդ եւ 24-րդ վայրկեաններուն Եուսեֆ Համատէ երկու կոլ նշանակեց, մինչ Հուսէյն Պազզի 40-րդ...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանգիստ Յաղթանակով Վերադարձաւ Շիյահէն

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանգիստ Յաղթանակով Վերադարձաւ Շիյահէն

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները 35-73 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակով վերադարձան Շիյահի դաշտէն, տեղւոյն աղջկանց խումբին դէմ մրցումին: Փաթիլ Ասատուրեան 22 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Փերլա Պու Նասր 12 կէտ եւ 8 ռիպաունտ աւելցուց ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի աղջիկներու խումբին: Նարինէ Կէօքճեան 18 վայրկեան մասնակցեցաւ եւ նշանակեց 10 կէտ` ձեռք ձգելով 5 ռիպաունտ: Ալիք...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Արսենալ – Լիվըրփուլ` 3-1. Եունայթըտ 6-րդ Դիրքի Բարձրացաւ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Արսենալ – Լիվըրփուլ` 3-1. Եունայթըտ 6-րդ Դիրքի Բարձրացաւ

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն, «գագաթի մրցում»-ը, որ Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ, իրար դէմ հանեց Արսենալը եւ Լիվըրփուլը: Արսենալ յաջողեցաւ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրել Լիվըրփուլի վրայ, որ շատ առիթներ կոլի չկրցաւ վերածել: Գնդակի վրայ աւելի տիրապետող Լիվըրփուլ առանց Սալահի յստակ առաւելութիւն չկրցաւ ունենալ Արսենալի վրայ, որ 3-րդ դիրքէն բարձրացաւ 2-րդի, սպասելով այսօրուան Պրենթֆորտ - Մանչեսթըր Սիթի մրցումին արդիւնքին:...

«Էն. Պի. Էյ.»  Քըրի 60 Կէտ Նշանակեց, Բայց Կոլտըն Սթէյթ Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.» Քըրի 60 Կէտ Նշանակեց, Բայց Կոլտըն Սթէյթ Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Աթլանթայի մէջ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ պարտութիւն մը եւս կրեց` նեղացնելով խումբի աստղ Սթեֆըն Քըրին, որ 60 կէտ նշանակելով (իր ասպարէզի 2-րդ առաւելագոյնը) չկրցաւ ուրախանալ: Կոլտըն Սթէյթ 123-123 արդիւնքով հաւասար աւարտեց մրցումը, բայց երկարաձգման ժամանակ Կոլտըն Սթէյթ 11 կէտ կրցաւ նշանակել, մինչ Աթլանթա Հոքս` 18: Քըրի 8 կէտ նշանակեց երկարաձգումին` իր ասպարէզի ամէնէն շատ...

«Ֆորմիւլա 1».  Համիլթըն Պիտի Միանայ Ֆեռարիին

«Ֆորմիւլա 1». Համիլթըն Պիտի Միանայ Ֆեռարիին

7 անգամ «Ֆորմիւլա 1»-ի աշխարհի ախոյեան Լուիս Համիլթըն յայտարարեց, թէ 2025-ին պիտի միանայ Ֆեռարիի: Համիլթըն յոյսով է, որ իր այս քայլը իրեն կ՛օգնէ իր շահած 103 կրան փրիներու թիւը աւելցնելու, որովհետեւ Մերսետեսի հետ ան 2021-ի Սէուտական Արաբիոյ կրան փրիէն ետք չէ շահած որեւէ մրցում: Ռետ Պուլ եւ մանաւանդ Մաքս Վերշթափըն շատ լաւ վիճակի մէջ են, եւ Լուիս Համիլթըն կը կարծէ,...

Պասքեթպոլ.  Այսօր Շիյահ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Պասքեթպոլ. Այսօր Շիյահ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Այսօր ժամը 21:00-ին Շիյահի մարզամշակութային կեդրոնի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները 17-րդ հանգրուանի գծով մրցում մը պիտի ունենան տեղւոյն Շիյահի խումբին դէմ: Երթին 61-47 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրած մեր աղջիկները վստահաբար աւելի հանգիստ մրցում մը պիտի ունենան, մանաւանդ որ մրցակից խումբը միայն 3 յաղթանակ ապահոված է: Այս շաբաթ մեր աղջկանց խումբին միացաւ Լիբանանի ազգային խումբի մարզիկ Նարինէ Կէօքճեան, որ կը մասնակցէր...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Արամուն

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Ուաֆա Ղպէյրի – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Պէյրութի շրջանի այս շաբթուան մրցումները յետաձգուած են յառաջիկայ շաբթուան: Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան Դ. խմբակի վերջին մրցումներուն գծով, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ այսօր ժամը 18:00-ին պիտի մրցի Ուաֆա Ղպէյրիի դէմ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ արդէն իսկ ապահոված է յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը, այս մրցումը պիտի կատարէ նուազագոյն վնասներով: Այսինքն` հանգիստ ֆութպոլ, առանց լուրջ շփումներ ունենալու մրցակից մարզիկներուն...

Պասքեթպոլի Տղոց Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ – Սաժես

Պասքեթպոլի Տղոց Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ – Սաժես

Վաղը կէսօրէ ետք ժամը 16:45-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանին գծով ՀՄԸՄ պիտի հիւրընկալէ Սաժեսը: Երթի վերջին քանի մը մրցումներուն, ինչպէս նաեւ դարձի առաջին մրցումին (Շանվիլի դէմ) համակիրներու հետ հարցեր ծագելուն պատճառով ֆետերասիոնը պատժած էր ՀՄԸՄ-ը` արգիլելով համակիրներու դաշտ մուտք գործելը: Վաղը դաշտ մտնելու առիթ պիտի ունենան միայն 14 տարեկանէն...

«Էն. Պի. Էյ.»  Լէյքըրզ Առանց Լըպրոնի Եւ Տէյվիսի Յաղթեց Պոսթընի Մէջ

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Առանց Լըպրոնի Եւ Տէյվիսի Յաղթեց Պոսթընի Մէջ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Մեսեչուսեթցի մէջ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ անակնկալի բերաւ տեղւոյն Պոսթըն Սելթիքսը` 114-105 արդիւնքով, նոյնիսկ առանց խումբի աստղեր Լըպրոն Ճէյմսի եւ Անթոնի Տէյվիսի: Շաբաթներէ ի վեր Լըպրոն Ճէյմս իր խմբակիցներուն օգնութիւնը կը պահանջէր օգնելու իրեն եւ Անթոնի Տէյվիսին, որ Լէյքըրզի մրցումներուն իրենց մակարդակը բարձրացնելով օգնեն խումբին հասնելու փլէյ օֆ: Երէկ Լըպրոնի փափաքը իրականացաւ, եւ իր...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Վաղը` Արսենալ – Լիվըրփուլ. Ռէալ Մատրիտ – Աթլեթիքօ Մատրիտ Եւ Ինթեր – Եուվենթուս

Եւրոպական Ֆութպոլ. Վաղը` Արսենալ – Լիվըրփուլ. Ռէալ Մատրիտ – Աթլեթիքօ Մատրիտ Եւ Ինթեր – Եուվենթուս

Այս շաբաթավերջին հետաքրքրական մրցումներ տեղի պիտի ունենան, մանաւանդ վաղը ժամը 18:30-ին, Լոնտոնի մէջ, ուր Արսենալ (3-րդ) պիտի հիւրընկալէ պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլը: Լիվըրփուլ, որ Բ. դիրքը գրաւող Մանչեսթըր Սիթիէն մրցում մը աւելի կատարած է եւ 5 կէտի առաւելութիւն ունի վրան, պիտի փորձէ կէտ չկորսնցնել, մանաւանդ որ Մանչեսթըր Սիթի գրեթէ ամբողջ ուժով պիտի շարունակէ այս շաբաթավերջէն սկսեալ, երբ նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ...

«Էն. Պի. Էյ.» Մինեսոթա Պարտութեան Մատնեց Տալասը, Որ Դաշտ Ներկայացած Էր Առանց Տոնչիչի Եւ Քայրիի

«Էն. Պի. Էյ.» Մինեսոթա Պարտութեան Մատնեց Տալասը, Որ Դաշտ Ներկայացած Էր Առանց Տոնչիչի Եւ Քայրիի

Մինիափոլիսի մէջ, Մինեսոթա Թիմպըրվուլզ 121-87 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տալաս Մեւրիքսը, որ առանց Տոնչիչի եւ Քայրի Ըրվինկի դաշտ ներկայացած էր: Տոնչիչ, որ աջ ոտքի ցաւ ունի, իսկ Քայրի, որ աջ բթամատի ցաւէ կը տառապի, 3-րդ մրցումը ըլլալով միասնաբար կը բացակայէին այս տարեշրջանին, ուր Տալաս 3 պարտութիւններ կրեց: 48 մրցումներու ընթացքին անոնցմէ մէկը բացակայ էր Տալասի ելոյթներէն 26 անգամ: Քարլ Անթոնի Թաունզ...

Ափրիկէի Բաժակի Մրցաշարք.  Ախոյեան Սենեկալ Յաղթանակով Սկսաւ

Ափրիկէի Ֆութպոլի Բաժակ. Այսօր Կը Սկսի Քառորդ Աւարտականի Հանգրուանը

Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ տեղի ունեցող Ափրիկէի ֆութպոլի բաժակի 34-րդ մրցաշարքը հասած է քառորդ աւարտական հանգրուանին: Այսօր, ժամը 7:00-ին, Նիկերիա պիտի մրցի Անկոլայի դէմ: Նիկերիա 2-0 արդիւնքով դուրս ձգած էր Քամերունը` հասնելով քառորդ աւարտական, շնորհիւ Ատեմոլա Լուքմանի երկու կոլերուն: Լուքման Աթալանթայի կոլսքորըրն է 49 մրցումներու ընթացքին նշանակած 20 կոլեր: Անկոլա իր կարգին դուրս ձգած էր Նամիպիան 3-0 արդիւնքով, շնորհիւ Կելսոն Տալայի...

Աիսոյ Ֆութպոլի Բաժակ.  Իրաք Եւ Հարաւային Քորէա` Յաղթական

Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակ. Այսօր` Աւստրալիա – Հարաւային Քորէա

Այսօր կը սկսի Քաթարի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի 18-րդ մրցաշարքի քառորդ աւարտականի հանգրուանը: Առաջին մրցղումին, ժամը 13:30-ին, Յորդանան կը մրցի Տաճիկիստանի դէմ, Յորդանան 3-2 արդիւնքով դուրս ձգած էր Իրաքը: Եազան Նայմաթ նշանակած էր Յորդանանի եւ մրցումի առաջին կոլը: 68-րդ վայրկեանին Սաատ Նաթիք նշանակեց Իրաքի հաւասարութեան կոլը, իսկ Այման Հիւսէյն 8 վայրկեան ետք Իրաքի 2-րդ կոլը: 95-րդ վայրկեանին Եազան...

Թիկնիզեան 2 Կոլ Նշանակեց

Թիկնիզեան 2 Կոլ Նշանակեց

Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը, Լոքոմոթիւ Մոսկուա 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռուսիոյ բարձրագոյն դասակարգի այլ խումբ մը` Ուրալը: Լոքոմոթիւի ձախ կողմի պաշտպան Նայիր Թիկնիզեան երկու կոլ նշանակեց: 24 տարեկան Թիկնիզեան, որ 2021-էն ի վեր կը խաղայ Լոքոմոթիւի հետ, ծնած է Ս. Փեթերսպուրկ, մասնակցած է Ռուսիոյ 19-էն վար ազգային խումբին 2017-ին եւ Ռուսիոյ 21-էն վար ազգային խումբին...

Ռեքս Քալամեան Նշանակուեցաւ Միլուոքի Պաքսի Օգնական Մարզիչ

Ռեքս Քալամեան Նշանակուեցաւ Միլուոքի Պաքսի Օգնական Մարզիչ

Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ռեքս Քալամեան պիտի աշխատի «Էն. Պի. Էյ.»-ի Միլուոքի Պաքս խումբին հետ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին յայտարարեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը: «Էն. Պի. Էյ.»-ի 30 տարուան փորձառութիւն ունեցող հայազգի մասնագէտը պիտի դառնայ Միլուոքիի գլխաւոր մարզիչ Տոք Ռիվըրզի օգնականը: Ռեքս Քալամեանի գլխաւորութեամբ, Հայաստանի ազգային խումբը կը մասնակցի աշխարհի 2027-ի մոնտիալի նախընտրական առաջին փուլին: Հայաստան 22 փետրուարին պիտի կատարէ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Քըրի 8 Յաջող 3 Կէտնոց Կողովներ Նշանակեց

«Էն. Պի. Էյ.» Քըրի 8 Յաջող 3 Կէտնոց Կողովներ Նշանակեց

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, շնորհիւ Սթեֆ Քըրիի յաջող 3 կէտնոց կողովներուն եւ օգտուելով Տրէյմընտ Կրինի վերադարձէն, կրցաւ պարտութեան մատնել Ֆիլատելֆիա 76-ըրզը, որուն աստղ Ժոել Էմպիիտ վերադարձած էր, բայց ոչ լաւ վիճակի մէջ: Էմպիիտ, որ 2 մրցում բացակայած էր վիրաւոր ըլլալուն պատճառով, 14 կէտ կրցաւ նշանակել եւ ձեռք ձգեց 7 ռիպաունտ, մինչ Կոլտըն Սթէյթի սենթըր...

Page 227 of 1281 1 … 226 227 228 … 1,281

Արխիւներ