Շաբաթ երեկոյեան, Շարքի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց եւ Ուաֆա Ղպէյրիի միջեւ:
Մրցումին 9-րդ վայրկեանին Տիգրան Վարդան (Տիգօ) բացաւ մրցումին հաշիւը: 3 վայրկեան ետք Եուսեֆ Մղանիյյէ նշանակեց 1-1-ի կոլը: 14-րդ վայրկեանին, Ալեք Ալճեան նշանակեց ՀՄԸՄ-ի 2-րդ կոլը: 21-րդ եւ 24-րդ վայրկեաններուն Եուսեֆ Համատէ երկու կոլ նշանակեց, մինչ Հուսէյն Պազզի 40-րդ վայրկեանին նշանակեց ՀՄԸՄ-ի 5-րդ կոլը:
Կիսախաղին 5-1 արդիւնքով յառաջացած մեր տղաքը շարունակեցին նոյն թափով, եւ Եուսեֆ Համատէ ամբողջացուց իր հեթ թրիքը 49-րդ վայրկեանին: 53-րդ վայրկեանին Իմատ Պաքըր նշանակեց Ուաֆայի 2-րդ կոլը: Արդիւնք` 6-2: 78-րդ վայրկեանին Սերժ Օսքեան նշանակեց 7-2-ի կոլը, որմէ անմիջապէս ետք Եուսեֆ Համատէ արդիւնքը բարձրացուց 8-ի: Եուսեֆ Համատէի 15-րդ կոլն էր այս: Ան այս կոլով գրաւեց Լեռնալիբանանի կոլսքորըրներու պարագլուխի դիրքը: 87-րդ վայրկեանին Սերժ նշանակեց իր 2-րդ եւ ՀՄԸՄ-ի 9-րդ կոլը: Վայրկեան մը ետք Ապտալլա Հայտար նշանակեց մրցումի վերջին կոլը` նշանակելով Ուաֆայի 3-րդ կոլը: Արդիւնք` 9-2, ի նպաստ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի:
Այժմ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի անցնի յաջորդ հանգրուան` 10 խումբերով Բ. հանգրուանի պատրաստուելու ֆետերասիոնի յայտագիրին հիման վրայ:
Յոյսով, որ ՀՄԸՄ-ի տղաքը նոյն թափով կը շարունակեն այս յաջող ընթացքը եւ կ՛անցնին վերջին հանգրուան:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր դէմ պիտի ունենայ Սիպլին Սփորթինկ, Ուահտէ Շուֆ, Սաֆա Շուիթ, Ահլի Սարպա, Տապըլ Քիք, Ռաուտա Տըքուենէ, Ռիատի Արամուն, Հիլալ Նասր եւ Ուարտանիէ:


