Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ տեղի ունեցող Ափրիկէի ֆութպոլի բաժակի 34-րդ մրցաշարքը հասած է քառորդ աւարտական հանգրուանին:
Այսօր, ժամը 7:00-ին, Նիկերիա պիտի մրցի Անկոլայի դէմ: Նիկերիա 2-0 արդիւնքով դուրս ձգած էր Քամերունը` հասնելով քառորդ աւարտական, շնորհիւ Ատեմոլա Լուքմանի երկու կոլերուն: Լուքման Աթալանթայի կոլսքորըրն է 49 մրցումներու ընթացքին նշանակած 20 կոլեր: Անկոլա իր կարգին դուրս ձգած էր Նամիպիան 3-0 արդիւնքով, շնորհիւ Կելսոն Տալայի (38″,42″) եւ Մապուլուլուի կոլերուն:
Ժամը 10:00-ին, Քոնկօ պիտի մրցի Կինէի դէմ: Քոնկօ անակնկալի բերած էր Եգիպտոսը եւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք 1/16-րդ հանգրուանի իրենց ճակատումը, 7-8 արդիւնքով փենալթիներով դուրս ձգած էր զայն:
Եգիպտոս, որմէ կը բացակային Լիվըրփուլի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ եւ հիմնական բերդապահ Ահմետ Շըննաուի (վիրաւոր ըլլալուն պատճառով), չկրցաւ առիթները օգտագործել եւ կոլ ստացաւ Քոնկոյի միակ ստոյգ առիթէն:
Կինէ 1-0 արդիւնքով դուրս ձգած էր Մերձարեւադարձային Կինէն 1-0 արդիւնքով, շնորհիւ Մոհամետ Պայոյի կոլին:
Վաղը` ժամը 7:00-ին, հիւրընկալ Փղոսկրեայ Ափունք կը մրցի Մալիի դէմ: Փղոսկրեայ Ափունք փենալթիներով դուրս ձգած էր անցեալ մրցաշարքին ախոյեան Սենեկալը: Մրցումին 4-րդ վայրկեանին Հապիպ Տիալլօ նշանակած էր Սենեկալի կոլը, իսկ մրցումի աւարտէն 4 վայրկեան մնացած` 86-րդ վայրկեանին, Ֆրանք Քեսիէ` հիւրընկալ կազմի հաւասարութեան կոլը: Փղոսկրեայ Ափունք 5-4 արդիւնքով փենալթիներով յաղթեց:
Մալի դուրս ձգած էր Պուրքինա Ֆասոն 2-1 արդիւնքով: Մալիի կոլերը նշանակեցին Էտմոն Թափսոպա (սխալմամբ իր բերդին մէջ) եւ Լասին Սինայոքօ, մինչ Պերթրան Թրաորէ (փենալթիով) նշանակեց Պուրքինա Ֆասոյի միակ կոլերը:
Վաղուան ժամը 10:00-ի մրցումը իրար դէմ կը հանէ Հարաւային Ափրիկէն եւ Քափէ Վերտէն:
Հարաւային Ափրիկէ անակնկալի բերած էր վերջին մոնտիալի (2022) 4-րդ դիրքը գրաւող Մարոքը` զայն դուրս ձգելով 2-0 արդիւնքով:
Էվիտընս Մաքկոփա եւ Թեպոհօ Մոքոյենա նշանակեցին Հարաւային Ափրիկէի կոլերը:
Քափէ Վերտէ 1-0 արդիւնքով դուրս ձգած էր Մաւրիտանիան: Ռայըն Մենտես 88-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակած էր Քափէ Վերտէի եւ մրցումին միակ կոլը:


