Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Առանց Լըպրոնի Եւ Տէյվիսի Յաղթեց Պոսթընի Մէջ

Փետրուար 3, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Մեսեչուսեթցի մէջ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ անակնկալի բերաւ տեղւոյն Պոսթըն Սելթիքսը` 114-105 արդիւնքով, նոյնիսկ առանց խումբի աստղեր Լըպրոն Ճէյմսի եւ Անթոնի Տէյվիսի:

Շաբաթներէ ի վեր Լըպրոն Ճէյմս իր խմբակիցներուն օգնութիւնը կը պահանջէր օգնելու իրեն եւ Անթոնի Տէյվիսին, որ Լէյքըրզի մրցումներուն իրենց մակարդակը բարձրացնելով օգնեն խումբին հասնելու փլէյ օֆ: Երէկ Լըպրոնի փափաքը իրականացաւ, եւ իր ընկերները յաղթանակ կերտեցին Պոսթընի «Թի. Տի. Կարտըն»-ի մարզադաշտին մէջ:

Օսթըն Ռիվզ 32 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 7 հատ 3 կէտնոց կողովներ (իր ասպարէզի մրցանիշ): «Մենք բոլորս տաղանդաւոր մարզիկներ ենք: Եւ այս եղաւ առիթ մը փաստելու աշխարհին, թէ ի՛նչ կրնաս ընել», ըսաւ Ռիվզ: «Մրցումէն առաջ իրար մօտեցանք եւ ըսինք, որ եկէ՛ք, նուազագոյն բանը, որ կրնանք ընել, դաշտ իջնելը եւ կարելի եղածին չափ ճիգ թափելն է արդիւնքը անտեսելով»:

Արդիւնքը հաւանաբար Լէյքըրզի լաւագոյնն էր այս եղանակին: Լէյքըրզ 36-էն 19 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` յաղթելով «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն արդիւնքներ ձեռք ձգած խումբին, 2 յաջորդական պարտութիւններէ ետք: Տ՛անճելօ Ռասըլ աւելցուց 16 կէտ, 14 էսիսթ եւ 8 ռիպաունտ ի նպաստ Լէյքըրզի, մինչ Ճեքսըն Հէյզ իր կարգին տապըլ տապըլ իրագործեց (16 կէտ եւ 10 ռիպաունտ):

Ճէյսըն Թէյթըմ 23 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պոսթընի, որ 15 հատ թըրնովըր կատարեց: Պոսթըն վերջին 5 մրցումներուն 3 պարտութիւն կրեց իր դաշտին վրայ, եղանակի սկիզբը 20 յաջորդական յաղթանակներէ ետք «Թի. Տի. Կարտըն»-ի մէջ:

Առանց վիրաւոր Ժոել Էմպիիտի, Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ կրցաւ յաղթական հեռանալ Եութա Ճեզի դաշտէն` 127-124 արդիւնքով:

Թայրիս Մեքսի 51 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ֆիլատելֆիայի: Թայրիս երէկ նկատի առնուեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի տարեկան «Օլ Սթար» մրցումին` իբրեւ պահեստի մարզիկ:

Ինչպէս նախապէս նշած էինք, «Օլ Սթար» մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 18 փետրուարին գիշերը` Ինտիանայի մէջ:

Երէկ յստակացան վերջնական խումբերը` արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններու, իրենց պահեստի մարզիկներով:

73-րդ «Օլ Սթար» մրցումին արեւելեան խումբը կը ներկայացնեն խմբապետ Եաննիս Անթեթոքումփօ, Ժոել Էմպիիտ, Թայրիս Հելիպըրթըն, Տեմիըն Լիլըրտ եւ Ճէյսըն Թէյթըմ, իսկ պահեստի մարզիկներ` Պեմ Ատեպայօ, Փաուլօ Պանչերօ, Ճէյլըն Պրաուն, Ճելըն Պրանսըն, Թայրիս Մեքսի, Տոնավըն Միշել եւ Ճուլիըս Ռենտըլ:

Արեւմտեան խումբին խմբապետն է Լըպրոն Ճէյմս, մարզիկները` Լուքա Տոնչիչ, Քեւըն Տիւրենթ, Շէյ Կիլճիը-Ալեքսանտր, Նիքոլա Եոքիչ, իսկ պահեստի մարզիկները` Տեւըն Պուքըր, Սթեֆըն Քըրի, Անթոնի Տէյվիս, Անթոնի Էտուըրտզ, Փոլ Ճորճ, Քուայ Լենըրտ եւ Քարլ-Անթոնի Թաունզ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Նիւ Եորք Նիքս – Ինտիանա Փէյսըրզ 109-105
Պոսթըն Սելթիքս – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 105-114
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Քլիվլենտ Քեւելիրզ 101-108
Եութա Ճեզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 124-127

 

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Վաղը` Արսենալ – Լիվըրփուլ. Ռէալ Մատրիտ – Աթլեթիքօ Մատրիտ Եւ Ինթեր – Եուվենթուս

Յաջորդը

Պասքեթպոլի Տղոց Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ – Սաժես

RelatedPosts

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  «Ռան Տը Սիթի» Մրցումը` 7 Սեպտեմբերին
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. «Ռան Տը Սիթի» Մրցումը` 7 Սեպտեմբերին

Օգոստոս 19, 2025
Պասքեթպոլ.  Աւստրալիա` Ասիոյ Ախոյեան
Մարզական

Պասքեթպոլ. Աւստրալիա` Ասիոյ Ախոյեան

Օգոստոս 19, 2025
Լիկ 1.  Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթանակով Սկսաւ
Մարզական

Լիկ 1. Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթանակով Սկսաւ

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?