Այսօր կը սկսի Քաթարի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի 18-րդ մրցաշարքի քառորդ աւարտականի հանգրուանը:
Առաջին մրցղումին, ժամը 13:30-ին, Յորդանան կը մրցի Տաճիկիստանի դէմ, Յորդանան 3-2 արդիւնքով դուրս ձգած էր Իրաքը:
Եազան Նայմաթ նշանակած էր Յորդանանի եւ մրցումի առաջին կոլը: 68-րդ վայրկեանին Սաատ Նաթիք նշանակեց Իրաքի հաւասարութեան կոլը, իսկ Այման Հիւսէյն 8 վայրկեան ետք Իրաքի 2-րդ կոլը:
95-րդ վայրկեանին Եազան Արապ եւ 97-րդ վայրկեանին Նիզար Ռաշտան նշանակեցին Յորդանանի յաջորդական կոլերը` բաւական ճնշելէ ետք Իրաքի բերդին վրայ:
Տաճիկիստան 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն դուրս ձգեց զայն փենալթիներով (5-3):
Ժամը 17:30-ին, Աւստրալիա պիտի մրցի Հարաւային Քորէայի դէմ: Աւստրալիա 4-0 արդիւնով դուրս ձգած էր Ինտոնեզիան` շնորհիւ Էլքան Պակոթի (սխալմամբ իր բերդին մէջ), Մարթին Պոյլի, Քրէյկ Կուտուինի եւ Հերի Սութարի:
Հարաւային Քորէա, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Սէուտական Արաբիոյ հետ, 4-2 արդիւնքով դուրս ձգեց զայն:
Սէուտական Արաբիա, որուն մարզիչն է իտալացի Ռոպերթօ Մանչինի, 46-րդ վայրկեանին բացած էր մրցումին հաշիւը, մինչ Քորէա 99-րդ վայրկեանին կրցած էր նշանակել հաւասարութեան կոլը շնորհիւ Կուէ-Սունկ Չոյի: Նշենք, որ Քորէայի ազգային խումբի մարզիչն է գերմանացի Եուրկըն Քլինսման:
Վաղը, ժամը 13:30-ին, Իրան պիտի մրցի Ճափոնի դէմ: Իրան, Սուրիոյ ազգային խումբին հետ մրցումը 1-1 արդիւնքով աւարտելէ ետք, զայն պարտութեան մատնեց փենալթիներով` 5-3:
Մեհտի Թարեմի 34-րդ վայրկեանին (փենալթիով) նշանակեց Իրանի կոլը, մինչ Օմար Խրիպին 64-րդ վայրկեանին (փենալթիով)` Սուրիոյ կոլը:
Ճափոն 3-1 արդիւնքով դուրս ձգած էր Պահրէյնը: 4 կոլերը նշանակեցին 3 ճափոնցի մարզիկներ… Ռիցու Տոան, Թաքեֆուսա Քուպօ եւ Այասէ Ուետա նշանակեցին Պահրէյնի բերդին մէջ, իսկ Այասէ Ուետա սխալմամբ իր բերդին մէջ, ալ նշանակեց Պահրէյնի կոլը:
Քառորդ աւարտականի վերջին մրցումին, հիւրընկալ Քաթար պիտի մրցի Ուզպէքիստանի դէմ:
Քաթար 2-1 արդիւնքով դուրս ձգած էր մրցաշարքի անակնկալ Պաղեստինը: Հասան Հայտոս եւ Աքրամ Աֆիֆ նշանակեցին Քաթարի կոլերը, մինչ Օտայ Տապպաղ` Պաղեստինի միակ կոլը:
Ուզպեքիստան 2-1 արդիւնքով դուրս ձգած էր Թայլանտը: Ազիզպեք Թոտկունպոյեւ եւ Ապպուպեք Ֆայզուլայեւ նշանակեցին Ուզպեքիստանի կոլերը, մինչ Սուփաչոք Սարաղաթ` Թայլանտի միակ կոլը:


