Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները 35-73 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակով վերադարձան Շիյահի դաշտէն, տեղւոյն աղջկանց խումբին դէմ մրցումին:
Փաթիլ Ասատուրեան 22 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Փերլա Պու Նասր 12 կէտ եւ 8 ռիպաունտ աւելցուց ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի աղջիկներու խումբին: Նարինէ Կէօքճեան 18 վայրկեան մասնակցեցաւ եւ նշանակեց 10 կէտ` ձեռք ձգելով 5 ռիպաունտ: Ալիք Թապաքեան իր կարգին 18 վայրկեան մասնակցեցաւ` նշանակելով 7 կէտ եւ ձեռք ձգելով 9 ռիպաունտ: 6-ական կէտեր նշանակեցին Մայսա Խալիլ եւ Փերլա Ղաթթաս, մինչ մնացեալ կէտերը նշանակեցին Լին Թամիմ (5 կէտ), Եաշա Զէյնուն (2 կէտ եւ 8 էսիսթ), Լեթիսիա Ֆաքիհ (2 կէտ) եւ Օսէան Թապպախ (1 կէտ):
ՀՄԸՄ Անթիլիաս 18-րդ եւ վերջին հանգրուանի իր մրցումը պիտի կատարէ ուրբաթ օր` Մըզհերի մէջ հիւրընկալելով Անդրանիկը, ապա կը սկսի յաջորդ հանգրուանը:


