Մարզական

Համան. «Եթէ Լիվըրփուլ Հեռաձայնէ,  Մերժելը Շատ Դժուար Կ՛ըլլայ»

Համան. «Եթէ Լիվըրփուլ Հեռաձայնէ, Մերժելը Շատ Դժուար Կ՛ըլլայ»

Լիվըրփուլի եւ Պայէրն Միւնիխի գերմանացի նախկին միջնապահ Տիթմար Համան, որ այժմ մարզիչ է եւ փորձառու մասնագէտ խօսնակ, երէկ յայտնեց, թէ իր կարծիքով, եթէ Լիվըրփուլ ակումբը կապի մէջ մտնէ Պայեր Լեւերքուզընի սպանացի մարզիչ Չապի Ալոնսոյի հետ փոխարինելու Եուրկըն Քլոփը, «կարմիրներուն» առաջարկը մերժելը շատ դժուար կրնայ ըլլալ, որովհետեւ այսպիսի մեծ ակումբներ մէկ անգամ կը հեռաձայնեն, եւ առիթը անգամ մը եւս կրնայ չգալ:...

Ռոնալտօ Հաւանաբար Չմասնակցի  Ինթեր Մայեմիի Դէմ Մրցումին

Ռոնալտօ Հաւանաբար Չմասնակցի Ինթեր Մայեմիի Դէմ Մրցումին

Սէուտական Նասր խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ հաւանաբար չմասնակցի այսօր տեղի ունենալիք Նասր-Ինթեր Մայեմի մրցումին, որ իրար դէմ պիտի հանէր վերջին 15 տարիներու ամէնէն լաւ ֆութպոլիստներ Լիոնել Մեսսին եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն: Ըստ «Կոլ» կայքին, Ռոնալտօ մկանային թեթեւ վնասուածք ունի եւ իր խումբը` Նասր, պատրաստ չէ վտանգել ֆութպոլիստին առողջութիւնը` բարեկամական մրցումի համար: Նշենք, որ Ռոնալտօ 2022-ի աւարտին միացաւ Նասրի, մինչ Մեսսի ամերիկեան...

Սթիւըն Պերկվէյն  Պիտի Միանա՞յ Քէյնի

Սթիւըն Պերկվէյն Պիտի Միանա՞յ Քէյնի

Պայերն Միւնիխ կապի մէջ մտած է հոլանտացի Սթիւըն Պերկվէյնի հետ` ձեռք ձգելու համար զինք Այաքս Ամսթերտամէն: Հերի Քէյնի նախկին խմբակից Պերկվէյն (Թոթենհամի հետ) քանի մը օրուան մէջ նկատի առնուեցաւ Պայերնի հաւանական մարզիկներու շարքին մէջ, մանաւանդ որ ֆրանսացի ծայրի յառաջապահ (Ուինկ) Քինկսլի Քոման ծունկի ետեւի կապը վնասեց` շաբաթ օր Աուկսպուրկի դէմ մրցումին: Նախապէս վիրաւոր Սերժ Կնապրիի միացող Քոման հաւանաբար 2-էն 3...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Շաբաթ Օր Կը Շարունակուի Ախոյեանութիւնը. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ – Սաժես

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Շաբաթ Օր Կը Շարունակուի Ախոյեանութիւնը. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ – Սաժես

Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումները կը շարունակուին այս շաբաթավերջին` 12-դ հանգրուանի մրցումները ամբողջացնելով: 18 յունուարին սկսած այս հանգրուանը կանգ առաւ, երբ Լիբանանէն 4 ակումբներ` ՀՄԸՄ, Ռիատի, Պէյրութ եւ Սաժես մեկնեցան Տուպայ` մասնակցելու միջազգային 33-րդ մրցաշարքին: Ռիատի շահած էր մրցաշարքը, Պէյրութ խումբը գրաւած էր 4-րդ դիրքը, ՀՄԸՄ-ի տղաքը հասած էին քառորդ աւարտական, իսկ Սաժես դուրս մնացած էր առաջին հանգրուանէն: ՀՄԸՄ-ի տղոց առաջին...

Ուասլ.  Այսօր` Սաժես – Նաֆթ

Ուասլ. Այսօր` Սաժես – Նաֆթ

Այսօր ժամը 21:45-ին, Ղազիրի մէջ Սաժես պիտի մրցի Իրաքի Նաֆթ խումբին դէմ, Ուասլի (Ուեսթ Ասիա սուփըր լիկ) մրցաշարքի Ա. խմբակին գծով մրցումի մը ընթացքին: Սաժես, որ 30 նոյեմբերին Պաղտատի մէջ 78-90 արդիւնքով յաղթած էր Նաֆթին, վստահաբար պիտի կրկնէ իր յաղթանակը` յուսալով, որ վաղը իրանեան Կորկան խումբը յաղթէ Հալէպի մէջ` Իթթիհատ Ահլիին: Շահրտարի Կորկան, որ իր 4 մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Թաատոտ 72-33

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Թաատոտ 72-33

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները 72-33 արդիւնքով շատ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեցին: Փաթիլ Ասատուրեան (20 կէտ), Փերլա Պու Նասր (19 կէտ), Օսէան Թապպախ (14 կէտ), Ալիք Թապաքեան (6 կէտ), Տիմա Շահին (6 կէտ), Ալիք Քէշիշեան (3 կէտ), Լին Թամիմ (2 կէտ) եւ Փերլա Ղաթթաս (2 կէտ) նշանակեցին ՀՄԸՄ-ի կէտերը: Մեր յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Շիյահը,...

Վաղը Ռոնալտոյի Նասրը Պիտի Մրցի Մեսսիի Ինթերին Դէմ

Վաղը Ռոնալտոյի Նասրը Պիտի Մրցի Մեսսիի Ինթերին Դէմ

Ռիատի մէջ (Սէուտական Արաբիա) Լիոնել Մեսսի իր խումբին` Ինթեր Մայեմիի հետ քանի մը բարեկամական մրցումներ կը կատարէ փետրուարին սկսելիք Միացեալ Նահանգներու ախոյեանութեան պատրաստութիւններու ծիրին մէջ: Երկուշաբթի գիշեր, Ինթեր Մայեմի մրցում մը կատարեց Հիլալ խումբին դէմ եւ 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Հիլալ, որուն մաս կը կազմեն Նէյմար (վիրաւոր) եւ իրենց ազգային խումբերուն հետ Ամերիկայի եւ Ասիոյ բաժակի մրցաշարքերու մասնակցող մարզիկներ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Եոքիչ Իր 14-րդ Թրիփըլ Տապըլը Կատարեց

«Էն. Պի. Էյ.» Եոքիչ Իր 14-րդ Թրիփըլ Տապըլը Կատարեց

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Քոլորատոյի մէջ Տենվըր Նակեթց 113-107 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ Միլուոքի Պաքսի դէմ մրցումին: Միլուոքի, որ Տաք Ռիվըրզի հետ (նոր մարզիչ) առաջին մրցումը կը կատարէր, չկրցաւ զսպել անցեալ տարուան աւարտական մրցումի «Էմ. Վի. Փի.»-ն` Նիքոլա Եոքիչը, որ 25 կէտ, 16 ռիպաունտ եւ 12 էսիսթ կատարելով ձեռք ձգեց այս եղանակի իր 14-րդ թրիփըլ տապըլը: Ժամալ...

Ռաքիթիչ Լքեց Սեւիան` Միանալու Շապապին

Ռաքիթիչ Լքեց Սեւիան` Միանալու Շապապին

Խրուաթիոյ նախկին միջնապահ Իվան Ռաքիթիչ լքեց իր Սեւիա ակումբը, որպէսզի միանայ Սէուտական Արաբիոյ Շապապ խումբին: Ռաքիթիչ 2-րդ անգամ ըլլալով կը խաղար Սեւիայի հետ. ան առաջին անգամ 2011-2014 փայլած էր Սեւիայի հետ, ապա միացած Պարսելոնային, որմէ վերադարձած` Սեւիա: Ռաքիթիչ Սեւիայի փոխխմբապետն էր եւ դարձաւ ամէնէն շատ ելոյթ ունեցող օտար մարզիկը` կատարելով 323 մրցում: 35 տարեկան Ռաքիթիչ 100-է աւելի ելոյթ ունեցած էր...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Վաղը` Լիվըրփուլ – Չելսի

Եւրոպական Ֆութպոլ. Վաղը` Լիվըրփուլ – Չելսի

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումները կը վերսկսին այսօր, ուր տեղի պիտի ունենան 22-րդ հանգրուանի մրցումները: 16-րդ դիրքը գրաւող Նոթինկհամ Ֆորեսթ պիտի հիւրընկալէ Արսենալը, որ մինչեւ դեկտեմբերի սկիզբը պարագլուխի դիրքը կը գրաւէր: Այժմ 3-րդ դիրքի վրայ գտնուող Արսենալ, որ «Փրեմիեր լիկ»-ի ամէնէն երիտասարդ խումբերէն է, տակաւին վիրաւոր մարզիկներ ունի, մինչ Թոմաս Փարթի եւ Թաքեհիրօ Թոմիյասու իրենց ազգային խումբերուն հետ ըլլալով Ափրիկէի եւ...

«Էն. Պի. Էյ.» Տեվըն Պուքըր 44 Կէտ Նշանակեց, Բայց… Լըպրոն Եւ Եաննիս Խմբապետներ

«Էն. Պի. Էյ.» Տեվըն Պուքըր 44 Կէտ Նշանակեց, Բայց… Լըպրոն Եւ Եաննիս Խմբապետներ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Տեվըն Պուքըր, որ 2 օր առաջ 62 կէտ նշանակած էր ի նպաստ Ֆինիքսի, կրցաւ 44 կէտ նշանակել, բայց Սանզ անգամ մը եւս պարտութիւն կրեց (յաջորդական երկրորդը)` 7 յաջորդական յաղթանակներէ ետք: Փաուլօ Պանչերօ 26 կէտ նշանակեց ի նպաստ Օրլանտոյի, որ 113-98 արդիւնքով յաղթեց Ֆինիքսին: Օրլանտօ շատ լաւ պաշտպանեց մանաւանդ 4-րդ մասին, երբ Պանչերօ (2,08...

Թենիս.  Ճոքովիչ Կը Մնայ Թիւ 1 Դիրքի Վրայ` Մրցանիշը Բարելաւելով

Թենիս. Ճոքովիչ Կը Մնայ Թիւ 1 Դիրքի Վրայ` Մրցանիշը Բարելաւելով

Սերպ թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ, որ չկրցաւ իր 11-րդ տիտղոսը շահիլ Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքին, կրցաւ պահել իր պարագլուխի դիրքը եւ այժմ 100 շաբաթով կը գերազանցէ Ֆետերերի մրցանիշը (310 շաբաթ թիւ 1 դիրքի վրայ): Աւելի՛ն, կը սպասուի, որ ան մինչեւ Ֆրանսայի Ռոլան Կարոսի մրցաշարքը մնայ գագաթի դիրքի վրայ, մանաւանդ որ իր ամէնէն մօտ մրցակիցները` Ալքարաս, Մետվետեւ եւ Սինըր շատ կէտեր շահած էին...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պարտութիւններ Կրեցին

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պարտութիւններ Կրեցին

Շաբաթավերջին Լիբանանի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Պէյրութի շրջանի մրցումներուն ՀՄԸՄ Պէյրութ կատարեց տարեշրջանի իր 2-րդ մրցումը` Սապիլի դէմ, եւ կիսախաղին 1-0 արդիւնքով յառաջ անցնելէ ետք, Բ. կիսախաղին չկրցաւ դիմանալ Սապիլի կոշտ խաղին եւ ստացաւ անարդար կոլ մը` ազատ հարուածով, մեծ քառակուսիին անկիւնէն: Յաջորդեց 2-րդ կոլը, որմէ ետք, հակառակ 3 վիրաւոր ունենալուն, ՀՄԸՄ Պէյրութ փորձեց հաւասարութեան կոլը ձեռք ձգել, բայց մրցակիցը օգտուեցաւ...

Տուպայի 33-րդ Մրցաշարք.  Ռիատի Շահեցաւ Շնորհիւ Իսմայիլ Ահմետի Պազըր-Պիթըրին

Տուպայի 33-րդ Մրցաշարք. Ռիատի Շահեցաւ Շնորհիւ Իսմայիլ Ահմետի Պազըր-Պիթըրին

Երէկ վերջ գտաւ Տուպայի 33-րդ պասքեթպոլի մրցաշարքը, երբ աւարտական մրցումին Լիբանանի ախոյեան Ռիատի 77-74 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սթրոնկ Կրուփ (Ֆիլիփեան կղզիներ) խումբը: Ռիատի շատ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը եւ առաջին մասին 22-12 արդիւնքով յաղթելէ ետք կիսախաղին 46-32 արդիւնքով յառաջ անցած էր: 3-րդ մասին ամէն ինչ փոխուեցաւ եւ Սթրոնկ Կրուփ կրցաւ 10 կէտով մօտենալ` նեղի բերելով լիբանանեան կազմը (61-57): 4-րդ մասին...

Ճատրակ.  ՀՄԸՄ-ի Մարզիկներուն Արդիւնքները «Քալիմաթ» Մրցաշարքին

Ճատրակ. ՀՄԸՄ-ի Մարզիկներուն Արդիւնքները «Քալիմաթ» Մրցաշարքին

Անցեալ շաբաթավերջին, «Եու. Էս. Էյ. Էլ.» համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Քալիմաթ» ճատրակի տարիքային մրցաշարքը, որ ինը մրցումներէ կը բաղկանար: Մրցաշարքին մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ական մարզիկներ, որոնք իրենց տարիքային մրցումներուն գրաւեցին պատուաւոր դիրքեր: Ստորեւ` մեր մարզիկներուն արդիւնքները. - Արամ Գազանճեան 11-րդ դիրք 6,5 կէտ - Մարք Մարտիկեան 16-րդ դիրք 6 կէտ - Միշել Աթայեան 29-րդ դիրք 6 կէտ 10 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ 2-րդ դիրք`...

«Էն. Պի. Էյ.» Տոնչիչ 73 Կէտ Նշանակեց. Լէյքըրզ 2-րդ Երկարաձգման Յաղթեց Ուորիըրզի

«Էն. Պի. Էյ.» Տոնչիչ 73 Կէտ Նշանակեց. Լէյքըրզ 2-րդ Երկարաձգման Յաղթեց Ուորիըրզի

Շաբաթավերջին շատ հետաքրքրական մրցումներ տեղի ունեցան «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ: Լուքա Տոնչիչ 73 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց Աթլանթայի մէջ, տեղւոյն Հոքսի դէմ մրցումին, ուր Տալաս 148-143 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ: Լուքա Տոնչիչ այս եղանակի ամէնէն շատ կէտերը նշանակող մարզիկը եղաւ` դառնալով պատմութեան 4-րդ առաւելագոյն կէտեր նշանակող մարզիկը: Ուիլթ Չեմպըրլէյն 1962-ին 100 կէտ նշանակած էր (առաջին), 2006-ին Քոպի Պրայընթ...

Թենիս.  Սինըր Եւ Սապալենքա` Տիտղոսակիրներ

Թենիս. Սինըր Եւ Սապալենքա` Տիտղոսակիրներ

Երէկ վերջ գտաւ Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքը` իտալացի Եանիք Սինըրի յաղթանակով, 3-6, 3-6, 6-4, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով, Տանիլ Մետվետեւի դէմ: Մետվետեւ, որ առաջին 2 սեթերուն յաղթեց, չկրցաւ ետ մղել իտալացի Սինըրի յառաջխաղացքը, որ կրցաւ յաջորդական 3 սեթ յաղթելով շահիլ կրան շլեմի իր առաջին տիտղոսը` 22 տարեկան հասակին: Թիւ 4 դասուած Սինըր դուրս ձգած էր թիւ 1 Նովաք Ճոքովիչը կիսաւարտականին`...

Տուպայի 33-րդ Մրցաշարք.  ՀՄԸՄ Հասաւ Քառորդ Աւարտական Եւ Պարտուեցաւ Ռիատիէն

Տուպայի 33-րդ Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Հասաւ Քառորդ Աւարտական Եւ Պարտուեցաւ Ռիատիէն

Երէկ շարունակուեցան Տուպայի պասքեթպոլի 33-րդ մրցաշարքի մրցումները, ուր տեղի ունեցան քառորդ աւարտականի մրցումները: ՀՄԸՄ, որ օր մը առաջ 92-85 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Ուահտէէն (Սուրիա), աւելի կէտեր նշանակած ըլլալուն պատճառով գրաւեց խմբակին Դ. դիրքը եւ քառորդ աւարտականին մրցակից ունեցաւ Լիբանանի ախոյեան Ռիատին: Պէտք է ըսել, որ մեր տղաքը Ուահտէի դէմ մրցումին հերոսական ելոյթ ունեցան 1 օտար մարզիկով` Տուէյն Ճեքսընի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատի – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 79-48

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 79-48

Հինգշաբթի գիշեր, Մանարայի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները 79-48 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեցին տեղւոյն Ռիատիի կազմէն: Ասիկա տարեշրջանի 4-րդ պարտութիւնն էր ՀՄԸՄ-ի մեր աղջիկներուն` 15 մրցումներու ընթացքին: ՀՄԸՄ-ի աղջկանց կազմը մնաց 3-րդ դիրքին վրայ: Փերլա Պու Նասր (11 կէտ, 7 ռիպաունտ), Ալիք Թապաքեան (10 կէտ, 5 ռիպաունտ), Փաթիլ Ասատուրեան (10 կէտ), Մայսա Խալիլ (7 կէտ), Եաշա Զէյնուն (5 կէտ, 6...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Սապիլ

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Սապիլ

Այսօր երեկոյեան ժամը 18:00-ին Անսարի դաշտին վրայ (օդակայանի ճամբան) ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց ֆութպոլի խումբը պիտի կատարէ տարեշրջանի իր երկրորդ մրցումը Սապիլ խումբին դէմ: Իր առաջին մրցումին, 4-0 արդիւնքով յաղթած (Պէյրութ ակումբին) ՀՄԸՄ Պէյրութի մեր տղաքը պիտի փորձեն արձանագրել 2-րդ յաջորդական յաղթանակը խումբի մը դէմ, որ իր կարգին յաղթանակով սկսած էր տարեշրջանը 3-2 արդիւնքով` Արզին դէմ: Կը սպասուի, որ ՀՄԸՄ-ի տղաքը...

Page 228 of 1281 1 … 227 228 229 … 1,281

Արխիւներ