«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Աթլանթայի մէջ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ պարտութիւն մը եւս կրեց` նեղացնելով խումբի աստղ Սթեֆըն Քըրին, որ 60 կէտ նշանակելով (իր ասպարէզի 2-րդ առաւելագոյնը) չկրցաւ ուրախանալ:
Կոլտըն Սթէյթ 123-123 արդիւնքով հաւասար աւարտեց մրցումը, բայց երկարաձգման ժամանակ Կոլտըն Սթէյթ 11 կէտ կրցաւ նշանակել, մինչ Աթլանթա Հոքս` 18:
Քըրի 8 կէտ նշանակեց երկարաձգումին` իր ասպարէզի ամէնէն շատ կէտերէն 2 կէտով ետ մնալով (62 կէտ` իր մրցանիշը):
Յուսահատեցնող բան է չյաղթելը` գիտնալով, որ քանի մը տեղեր պզտիկ սխալներ եթէ չըլլային եւ ուրիշներ ըլլային, մրցումին արդիւնքը տարբեր կ՛ըլլար: Այս ձախող տարեշրջանին վրայ նոր մրցում մըն ալ աւելցաւ», ըսաւ Քըրի:
Քըրի 10 հատ 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց: «Կարծես միշտ կը լաւանայ, բան մը, որ շատ քաջալերելի է մանաւանդ իր տարիքին համար, ըսաւ Տրէյմընտ Կրին` 35 տարեկան Քըրիի մասին:
Թրէյ Եանկ 35 կէտ նշանակեց ի նպաստ Աթլանթայի, որ 22-րդ մրցումին յաղթեց 49 մրցումներէն:
Թեքսասի մէջ, Տալաս Մեւրիքս 117-129 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Միլուոքի Պաքսէն: Եաննիս Անթեթոքումփօ տապըլ տապըլ իրագործեց` 48 եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգելով, մինչ սլովենիացի Լուքա Տոնչիչ 1 ռիպաունտի պէտք ունէր ամբողջացնելու իր թրիփըլ տապըլը: Տանչիչ 40 կէտ նշանակեց եւ 11 էսիսթ կատարեց` 9 ռիպաունտի կողքին:
Ստորեւ` շաբաթավերջի արդիւնքները.
ՇԱԲԱԹ ՕՐ
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Մայեմի Հիթ 102-110
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 125-136
Ինտիանա Փէյսըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 122-133
Աթլանթա Հոքս – Ֆինիքս Սանզ 129-120
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 113-114
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Չարլոթ Հորնեթց 126-106
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Օրլանտօ Մեճիք 106-108
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 101-121
Հիւսթըն Ռոքեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 135-106
Տենվըր Նակեթց – Փորթլէնտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 120-108
ԵՐԷԿ
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Պրուքլին Նեթց 121-136
Աթլանթա Հոքս – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 141-134
Շիքակօ Պուլզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 115-123
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Քլիվլենտ Քեւելիրզ 101-117
Տալաս Մեւրիքս – Միլուոքի Պաքս 117-129
Նիւ Եորք Նիքս – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 105-113


