Վաղը Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ տեղի կ՛ունենան Ափրիկէի ֆութպոլի բաժակի 34-րդ մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումները:
Ժամը 19:00-ին Նիկերիա կը մրցի Հարաւային Ափրիկէի դէմ, իսկ ժամը 22:00-ին հիւրընկալ Փղոսկրեայ Ափունք` Քոնկոյի դէմ:
Քառորդ աւարտականին, Նիկերիա 1-0 արդիւնքով դուրս ձգած էր Անկոլան, շնորհիւ Ատեմոլա Լուքմանի կոլին, մինչ Հարաւային Ափրիկէ 2-1 փենալթիներու արդիւնքով դուրս ձգած էր Քափէ Վերտէն, երկու խումբերը 120 վայրկեան ձախողելէ ետք կոլ նշանակել:
Ծայր աստիճան «տաք» խաղի մը ընթացքին, Փղոսկրեայ Ափունք 2-1 արդիւնքով դուրս ձգեց Մալին, յետ երկարաձգման:
71-րդ վայրկեանին Նենէ Տորկելես նշանակած էր Մալիի կոլը, բայց Սիմոն Ատինկրա կրցած էր նշանակել հիւրընկալ երկրին հաւասարութեան կոլը, հաառակ 10 մարզիկներով խաղալուն: Արդարեւ, 43-րդ վայրկեանին Օտիլոն Քոսունու կարմիր քարտ ստացած էր` ստանալէ ետք 2-րդ դեղինը: 17-րդ վայրկեանին Մալի փենալթի մըն ալ կորսնցուցած էր:
Երկարաձգման վերջին վայրկեանին Ումար Տիաքիթէ կրցաւ նշանակել յաղթանակի կոլը, որմէ ետք ստացաւ իր 2-րդ դեղին քարտը իր տարազը հանելուն պատճառով եւ վտարուեցաւ, մինչ Համարի Թրաորէ (Մալի) իր կարգին վտարուեցաւ, երբ իրաւարարը մրցումին աւարտը սուլեց, եւ Մալիի բոլոր մարզիկերը պաշարեցին իրաւարարը` յաւելեալ վայրկեաններ պահանջելով:
Փղոսկրեայ Ափունքի կիսաւարտականի մրցակիցը` Քոնկօ, քառորդ աւարտականին դուրս ձգեց Կինէն 3-1 արդիւնքով:
Մոհամետ Պայօ նշանակած էր Կինէի առաջին կոլը 21-րդ վայրկեանին, փենալթիով, բայց Քոնկօ 3 անգամ փոխադարձեց շնորհիւ Չանսըլ Մպեմպա Մանկուլուի (27-րդ վայրկեանին), Եոան Ուիսայի (65-րդ վայրկեանին, փենալթիով) եւ Արթիւր Մասուաքուի (82-րդ վայրկեանին):