Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Քըրի 8 Յաջող 3 Կէտնոց Կողովներ Նշանակեց

February 1, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, շնորհիւ Սթեֆ Քըրիի յաջող 3 կէտնոց կողովներուն եւ օգտուելով Տրէյմընտ Կրինի վերադարձէն, կրցաւ պարտութեան մատնել Ֆիլատելֆիա 76-ըրզը, որուն աստղ Ժոել Էմպիիտ վերադարձած էր, բայց ոչ լաւ վիճակի մէջ:

Էմպիիտ, որ 2 մրցում բացակայած էր վիրաւոր ըլլալուն պատճառով, 14 կէտ կրցաւ նշանակել եւ ձեռք ձգեց 7 ռիպաունտ, մինչ Կոլտըն Սթէյթի սենթըր կրին 9 կէտ, 6 էսիսթ եւ 6 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Էմպիիտ 8 թըրնովըր կատարեց, ինչ որ կը նկատուի շատ` իր մակարդակի խաղացողի մը համար:

Քըրի, որ 37 կէտ նշանակեց, 13 փորձերէն 8-ն իր նպատակին հասցուց 3 կէտնոց կողովի սահմաններէն:

Ճոնաթան Քամինկա (26 կէտ) եւ Էնտրու Ուիկընզ (23 կէտ) եղան Կոլտըն Սթէյթի առաւելագոյն նշանակողներէն:

Միւս կողմէ, Թոպիաս Հերիս 26 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ֆիլատելֆիայի, որ իր 17-րդ պարտութիւնը կրեց 46 մրցումի ընթացքին:

Հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Պոսթըն Սելթիքս կրցաւ դիմանալ Ինտիանա Փէյսըրզի 3-րդ մասի վերադարձին եւ յաղթեց 129-124 արդիւնքով:

Պոսթըն Սելթիքս մարզիչ Ճօ Մազուլա յայտնեց, որ պասքեթպոլը միայն լաւ յարձակիլը չէ, այլեւ թէ՛ յարձակիլը եւ թէ՛ պաշտպանելը նոյն պահուն: Ճէյսըն Թէյթըմ 30 կէտ նշանակեց եւ 2 պլոք կատարեց` մրցումի վերջին 30 երկվայրկեաններուն օգնելով, որ Պոսթըն պաշտպանէ իր առաւելութիւնը:

Ճէյլըն Պրաուն (25 կէտ, 6 ռիպաունտ), Տերեք Ուայթ (24 կէտ), Քրիսթափս Փորզինկիս (17 կէտ, 12 ռիպաունտ) եւ Ճրու Հոլիտէյ (17 կէտ, 3 պլոք) իրենց կարելին ըրին Պոսթընի յաղթանակին համար:

Ստորեւ երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Նիւ Եորք Նիքս – Եութա Ճեզ 118-103
Պոսթըն Սելթիքս – Ինտիանա Փէյսըրզ 129-124
Աթլանթա Հոքս – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 138-122
Շիքակօ Պուլզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 107-118
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 119-107

Նշենք, որ «Օլ Սթար» մրցումի շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցակցութիւններուն, 3 կէտի յատուկ մրցում մը տեղի պիտի ունենայ առաջին անգամ ըլլալով «Էն. Պի. Էյ.»-ի բոլոր ժամանակներու առաւելագոյն 3 կէտ նշանակող Սթեֆ Քըրիի եւ աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»-ի 3 կէտի մրցանակակիր Նիւ Եորք Լիպըրթիի մարզիկ Սապրինա Իոնեսքուի միջեւ:

3 կէտի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 17 փետրուարին Ինտիանայի մէջ: Այս մրցակցութիւնը պիտի ըլլայ բարեսիրական դրամահաւաքի բնոյթով, ուր Քըրիի «իթ, լըրն, փլէյ» (կե՛ր, սորվէ՛, խաղցի՛ր) միութիւնը եւ Իւնեսքուի «Էս. Այ. 20» միութիւնը պիտի ստանան գումարներ` յատկացուած «Էն. Պի. Էյ.»-էն եւ «Տապըլիու Էն. Պի. Էյ.»-էն: Բնական 3 կէտնոց կողովները հազար ամ. տոլարի արժէք պիտի ունենան, մանի պոլը (քայլ առնելով նետել) 2.000 ամ. տոլար, իսկ աստղով գնդակը 3 կէտնոց սահմանէն 2 մեթր աւելի ետեւէն նշանակուած` 3.000 ամ. տոլար:

Նախորդը

Համան. «Եթէ Լիվըրփուլ Հեռաձայնէ, Մերժելը Շատ Դժուար Կ՛ըլլայ»

Յաջորդը

Ռեքս Քալամեան Նշանակուեցաւ Միլուոքի Պաքսի Օգնական Մարզիչ

RelatedPosts

Նախագահութեամբ Ազգային  Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան»  Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահութեամբ Ազգային Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում

October 19, 2026
Ծանրաբարձութիւն.  Մարտին Պօղոսեան Եւ Տիգրան Կարապետեան`  Եւրոպայի Փոխախոյեաններ
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Մարտին Պօղոսեան Եւ Տիգրան Կարապետեան` Եւրոպայի Փոխախոյեաններ

October 19, 2026
Ըմբշամարտ.  Սարգիս Բեգոյեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ըմբշամարտ. Սարգիս Բեգոյեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.