Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆորմիւլա 1». Համիլթըն Պիտի Միանայ Ֆեռարիին

February 5, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7 անգամ «Ֆորմիւլա 1»-ի աշխարհի ախոյեան Լուիս Համիլթըն յայտարարեց, թէ 2025-ին պիտի միանայ Ֆեռարիի:

Համիլթըն յոյսով է, որ իր այս քայլը իրեն կ՛օգնէ իր շահած 103 կրան փրիներու թիւը աւելցնելու, որովհետեւ Մերսետեսի հետ ան 2021-ի Սէուտական Արաբիոյ կրան փրիէն ետք չէ շահած որեւէ մրցում:

Ռետ Պուլ եւ մանաւանդ Մաքս Վերշթափըն շատ լաւ վիճակի մէջ են, եւ Լուիս Համիլթըն կը կարծէ, որ ժամանակը հասած է նոր խումբի միանալու, փոփոխութիւն մը, որ իրեն կրնայ յաւելեալ յոյս ներշնչել կրան փրիներ շահելու:

Ֆեռարի իր կարգին շատ լաւ օրերու մէջ չէր, բայց առնուազն 1 մրցում կրցաւ շահիլ «Կարմիրներու խումբը»` սպանացի Քարլոս Սայնց Ճունիըրի հետ (Սինկափուրի մէջ): Սայնցի աթոռը վտանգուեցաւ այս լուրով, մանաւանդ որ միւս վարորդը` Շարլ Լըքլեր նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր Ֆեռարիի հետ:

Մերսետեսի տնօրէն Թոթօ Վոլֆ նախ անակնկալի եկաւ այս լուրով, մանաւանդ որ զինք փոխարինելու մասին մտածելու ժամանակը կարճ կը զգայ: Տակաւին ամիս մը առաջ երիտասարդ վարորդներ Լանտօ Նորիս (Մաքլարեն) եւ Շարլ Լըքլեր (Ֆեռարի) երկարաձգեցին իրենց պայմանագրութիւնները, եթէ ոչ անոնք շատ լաւ կ՛ըլլային Մերսետեսի համար, ըստ Վոլֆի:

Ճորճ Ռասըլ երիտասարդ է եւ Համիլթընի հետ գրեթէ նոյն մակարդակի արդիւնքներ կը ցուցաբերէր անցեալ եղանակին, եւ Վոլֆ տակաւին չէ որոշած, թէ այլ երիտասարդի՞ վստահի, թէ փորձառու վարորդի:

Համիլթըն, որ 40 տարեկան կը դառնայ, երբ միանայ Ֆեռարիի, Միքայէլ Շումախըրի նման 7 անգամ աշխարհի ախոյեան դարձած կ՛ըլլայ:

Նախորդը

Արդեօք Կը Տեսնե՞նք – 1. Հայաստան Արդէ՛ն Ինկած Է Թուրքիոյ Տիրապետութեան Տակ…

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քըրի 60 Կէտ Նշանակեց, Բայց Կոլտըն Սթէյթ Պարտուեցաւ

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.