Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Պէյրութի շրջանի այս շաբթուան մրցումները յետաձգուած են յառաջիկայ շաբթուան:
Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան Դ. խմբակի վերջին մրցումներուն գծով, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ այսօր ժամը 18:00-ին պիտի մրցի Ուաֆա Ղպէյրիի դէմ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ արդէն իսկ ապահոված է յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը, այս մրցումը պիտի կատարէ նուազագոյն վնասներով: Այսինքն` հանգիստ ֆութպոլ, առանց լուրջ շփումներ ունենալու մրցակից մարզիկներուն հետ` վիրաւորուելու վտանգը կամ առիթը չստեղծելու, նոյն պահուն ոչ շատ ալ թոյլ ֆութպոլ, որ մրցակիցը օգտուի եւ յաղթէ:
Նշենք, որ յաջորդ հանգրուանին հասած են Ա. խմբակէն Սպլին Ռիատին եւ Ուահտէ Շուֆը, Բ. խմբակէն Սաֆա Շուիթը եւ Ահլի Սարպան, Գ. խմբակէն Տապըլ Քիքը եւ Ռաուտա Տըքուանէն, Դ. խմբակէն Ռիատի Արամունը` ՀՄԸՄ-ի մեր տղոց կողքին, Ե. խմբակէն ալ Հիլալ Նասրը եւ Ռապիթաթ Ուարտանիէն:


