Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Տպաւորիչ Յաղթանակ Մը Տարաւ Սաժեսի Դէմ` 97-80 Արդիւնքով

February 5, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան գծով, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեանց» մարզադաշտը վերածուած էր իսկական փառատօնի, ուր հարիւրաւոր պատանիներ ստեղծեցին գեղեցիկ մթնոլորտ մը սփռուեցաւ լիբանանեան «Էմ. Թի. Վի.» կայանէն, դրական երեւոյթ մը ստեղծելով լիբանանցի հանդիսատեսներուն մօտ ալ:

Առաջին վայրկեանէն իսկ ՀՄԸՄ-ի տղաքը տիրապետեցին եւ արագ կողովներ նշանակեցին մօտէն թէ հեռուէն: Սաժես վերջին վայրկեանին քիչ մը մօտեցաւ, բայց առաջին մասը վերջ գտաւ 29-23 արդիւնքով: 2-րդ մասին քիչ մը դժուարացաւ մրցումը, եւ աւելի քիչ կէտեր նշանակուեցան, պահ մը ՀՄԸՄ-ի օտար մարզիկ Զեք Լոֆթըն իր հանդարտութիւնը կորսնցուց եւ քիչ մնաց վտարուէր դաշտէն: Դաշտ ներկայացաւ տակաւին երէկ խումբին միացած Էմանուել Էկպութան (27 տարեկան), որ քանի մը վայրկեանի ընթացքին 4 կէտ նշանակեց եւ ձեռք ձգեց 2 ռիպաունտ` յիշեցնելով 2014-ին ՀՄԸՄ-ի մարզիկ Տիոն Տիքսընը: Կիսախաղին 44-40 արդիւնքով յառաջ մնաց ՀՄԸՄ` շնորհիւ Ճեքսընի եւ Հատիտեանի մեծ աշխատանքին:

3-րդ մասին ՀՄԸՄ արդէն իր առաւելութիւնը աւելցուց եւ 13 կէտի հասցուց: Այս մասին մէջ Զեք Լոֆթըն հերոսական ելոյթ մը ունեցաւ թէ՛ նշանակելով, թէ՛ փոխանցելով եւ թէ՛ ալ ֆաուլ շահելով:

3-րդ մասը աւարտեցաւ 72-59 արդիւնքով եւ Սաժես յստակօրէն յանձնուեցաւ, եւ փոխանակ ճեղքել փորձելու, 3 կէտնոց կողովներու վստահեցաւ: Վերջին մասին ալ նոյն ընթացքը շարունակուեցաւ, եւ ՀՄԸՄ-ի տղաքը, հակառակ մեծ թիւով բացականեր ունենալուն, կրցան խմբային գեղեցիկ խաղարկութեամբ գերազանցել Սաժեսը, որուն միակ լաւ մարզիկը Ճոնաթան Կիպսընն էր, որ 6 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց:

Մրցումը վերջ գտաւ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի 97-80 արդիւնքով: Տուէյն Ճեքսըն 33 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Զեք Լոֆթըն տապըլ տապըլ իրագործեց` նշանակելով 27 կէտ, ձեռք ձգելով 10 ռիպաունտ եւ կատարելով 6 էսիսթ: Ճեքսըն 3 պլոք ալ կատարեց: Ժերար Հատիտեան 14 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ժատ Խալիլ 9 կէտ եւ 7 ռիպաունտ: Կապրիէլ (Կէպի) Աճեմեան 6 կէտ նշանակեց եւ շատ լաւ ձեւով պաշտպանեց մրցակից օտար մարզիկին դէմ: Ճիմի Սալեմ եւ Էկպութա 4-ական կէտեր նշանակեցին: Ինչպէս նշեցինք, ՀՄԸՄ 7 մարզիկներով մասնակցեցաւ, մինչ Սաժեսի վիճակը հետզհետէ կը վատթարանայ եւ վերջին 4 մրցումներէն (ախոյեանութեան գծով) միայն մէկուն կրցած է յաղթել, երբ մինչեւ 8-րդ հանգրուան կը մնար անյաղթ: ՀՄԸՄ-ի տղաքը այժմ կը գրաւեն 5-րդ դիրքը եւ յաջորդ հանգրուանին պիտի մրցին Անթունիէի դէմ, այս վերջինիս դաշտին վրայ, ուրբաթ օր ժամը 19:00-ին:

Նախորդը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Ուաֆա Ղպէյրի – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` 3-9

Յաջորդը

Փեսքով. «Փութինի Թուրքիա Կատարելիք Այցելութեան Օրակարգին Վրայ Երկկողմանի Յարաբերութիւններն Են Եւ Ուքրանիոյ Հարցը»

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.