Միլուոքի Պաքս գլխաւորութեամբ յոյն «հսկայ» Եաննիս Անթեթոքումփոյի դէպի յաղթանակ կը սուրար Եութա Ճեզի դաշտին վրայ եւ 19 կէտի առաւելութիւն ձեռք ձգած էր, երբ Եութա «ըմբոստացաւ» եւ գերազանցեց ինքզինք` նշանակելով 40 կէտ եւ միայն 13 կէտի նուազեցնելով Միլուոքի կողովները վերջին մասին:
Եութա մրցումը աւարտեց 15 կէտի առաւելութեամբ շնորհիւ Լաորի Մարքանենի (2 կէտ) Քոլին Սեքսթընի (19 կէտ) Քիյոնթէ Ճորճի (19 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) հերոսութիւններուն:
Անթեթոքումփօ 33 կէտ նշանակեց, կատարեց 13 էսիսթ եւ ձեռք ձգեց 7 ռիպաունտ (տապըլ տապըլ), մինչ Պոպի Փորթիս (27 կէտ), Մալիք Պիզլի (16 կէտ) եւ Տեմիըն Լիլըրտ (12 կէտ) եղան Միլուոքիի լաւագոյններէն, որոնցմէ բացակայեցան Պրուք Լոփես եւ Քրիս Միտըլթըն:
Պրատլի Պիլ Ուաշինկթընի դաշտին վրայ 43 կէտ նշանակեց եւ մրցումին վերջին 8 վայրկեաններուն դաշտ չներկայացաւ իր նախկին խումբին դէմ, որուն հետ 11 եղանակ լաւ օրեր ունեցած էր: Մրցումէն առաջ յատուկ տեսերիզով Ուաշինկթըն պատուեց Պրատլի Պիլը, որ 11 տարի փայլելէ ետք Ուիզըրտծի հետ, այս եղանակին միացած էր Ֆինիքս Սանզին: Ան առաջին 3 մասերուն 41 կէտ նշանակեց եւ 4-րդ մասին սկիզբը նշանակելէ ետք այլ կողով մը, մրցումի աւարտին 8:44 վայրկեան մնացած փոխարինուեցաւ: Քեւըն Տիտենթ եւ Եուսուֆ Նուրքիչ 18-ական կէտեր նշանակեցին ի նպաստ Ֆինիքսի, մինչ Տեւըն Պուքըր աւելցուց 14 կէտ: Սանզ այժմ 4-րդ մրցումը կը յաղթէ դաշտէն դուրս` վերջին 7 մրցումներուն:
Տենի Աւտիժա 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ուիզըրտծի, որմէ կը բացակայէր Քայլ Քուզմա` ուսի ցաւի պատճառով: Ֆինիքս 140-112 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ:
Ստորեւ երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Օրլանտօ Մեճիք 99-111
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Ֆինիքս Սանզ 112-140
Մայեմի Հիթ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 95-103
Չարլոթ Հորնեթց – Ինտիանա Փէյսըրզ 99-115
Պոսթըն Սելթիքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ 131-91
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 135-127
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 111-90
Եութա Ճեզ – Միլուոքի Պաքս 123-108
Տենվըր Նակեթց – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 112-103